ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ՌԻԱՏԻ ՊԷՅՐՈՒԹ – ՀՄԸՄ ԱՆԹԻԼԻԱՍ` 65-41
Երէկ, Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ռիատի Պէյրութ Մանարայի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Անթիլիասի ներկայացուցչական խումբը:
Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տէրերուն յաղթանակով` 65-41 արդիւնքով: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 17-12, 17-7, 17-12 եւ 14-10:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Նաթալի Սվաճեան (18 կէտ), ապա` Լէյլա Ֆարես (16):
Նշենք, որ մրցումին իր մասնակցութիւնը չբերաւ Սանտրա Նաժըմ, թէեւ օր մը առաջ յայտարարուած էր, որ ան պիտի վերադառնայ դաշտ` ամիսներ բացակայելէ ետք:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ, Մութթահետ Թրիփոլի Սաֆատի մարզահամալիրին մէջ 93-78 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Պաժժէն:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն ամերիկացի Օսթին Ճոնսըն նշանակեց 27 կէտ, մինչ Պաժժէի ամերիկացի մարզիկ Արթիւր Լի` 23 կէտ:


