50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (19 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)

Ի ԽՈՐՈՑ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ ԸՆԴ ԹԱՏԵՐԱՍԻՐԱՑ

 («ՀԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐ»-ՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ԱՌԹԻՒ)

Սիրելի՛ տղաք,

Շատեր շատ բան գրած ու ըսած են ձեր խումբին ու գործունէութեան մասին` վկայ վերջին 20 տարուան հայ մամուլն ու երէկ գիշեր ցրուած ձեր գրքոյկը:

Երբ ձեր խումբը առագաստները լարած` հայ մշակոյթի ծովը իջաւ, ձեզմէ ոմանց ծնողները դեռ եւս առագաստ չէին մտած, իսկ ոմանք ալ, ինծի պէս, դեռ խոնջանը մինակը կապել հազիւ էին սորված: Հետեւաբար ինքզինքիս թոյլ չեմ կրնար տալ «Ես եղայ» ըսելով` հրապարակ գալ որպէս թատերական քննադատ եւ դատել ձեզ ու ձեր գործը, դատաւոր ըլլալ. ես կը վախնամ այդ բառէն. ո՜ւր մնաց` այդ ծանրագոյն պաշտօնէն: Թէեւ չեմ անգիտանար, որ հայը կը սիրէ քննադատել (անդրանիկ պայման հասկցող երեւալու), այսինքն դատել` առանց քննելու: Անկեղծ ժպիտով, ձեռքի ամուր սեղմումով` «Լաւ էր, տղա՛ք, աւելի լաւին իրագործումը կը մաղթեմ» ըսողը մեղաւոր է ու միջակ հասկացողութեան տէր: Թող այդպէս ըլլայ: Չէ՞ որ վանահայրը ըսաւ. «Ամէն մարդ ինք պիտի բանայ իր ճամբան»: Ով որ ձեռք առած է անել ճամբան, ուշ կամ կանուխ կախ գլուխը պիտի զարնէ պատին, իսկ ով` երկնքին ու բաց հորիզոններուն` անոր սիրտն ու միտքը պիտի չդադրին թռիչք ունենալէ:

Ուրեմն պարզ է, թատրոնը սիրող ու թատրոն յաճախող մըն է, որ կը խօսի ձեզի` թատրոնը սիրող ու զայն կենդանի պահողներուն:

Ամբողջ 20 տարի ձեր նաւուն առագաստները մնացեր են բաց, պրկուած, ու մոլեգնած խոյացող հողմերուն ականջները ոլորելով կամ գգուելով` առեր էք ձեր առագաստներուն ծոցը ու դարձուցեր էք մղիչ ուժ` ձեր ճամբան շարունակելու, հայ մշակոյթ կոչուած հայրենիքին նոր Ամերիկա մը գտնելու, սննդառատ գաղութներ ճարելու: Յոգնած նաւազին տեղ եկեր է նորը, Անծանօթին վախէն զինաթափ եղած ու կէս ճամբայէն ետ դառնալ ուզող թիալիքին տեղ նոր կոչեցեալ մը, նոր կամաւոր մը թիին փարեր է թարմագոյն ուժերով, եռանդով ու հաւատքով: Եղեր է նոյնիսկ, որ ձեր նաւաշէնն ու հրամանատարը յանկարծ մեկներ է նաւէն ու ծովէն` հոն, ուր իր հայեացքն էր ու «վեր խոյացող միտքը»: Ցնցումներ շատ է կրեր ձեր նաւը այդ «թաց ճամբուն» վրայ, բայց կանգ չէ առեր երբե՛ք: Ցռուկը ցցած` բարձր կը յառաջանայ յամրաքայլ, այլ` հաստատ ու ինքնավստահ քայլերով:

Օ՜, եթէ ցամաքի վրայ ապրող մարդոց հոգիները կրէին ծովագնացները, այն ատեն ոչ մէկ հորիզոն կարելի պիտի ըլլար պատռել, նուաճել, գտնել նոր գեղեցկութիւններ: Մենք` ցամաքայիններս, կ՛ապրինք ու կը վայելենք շնորհիւ այդ միատարր ու միաձոյլ հոգի ունեցող ծովայիններուն: «Անոնք ուրի՜շ են»: Արուեստի նոր գեղեցկութիւններուն հորիզոններու քաղցրութիւնը կը ճաշակենք ձեր արեւախանձ մարմիններուն ու աղի լեզուներուն, բայց այլապէս քաղցր հոգիներուն ու արութեան շնորհիւ:

Անորոշ հորիզոններուն դիմաց նաւարկութիւնը շարունակելով հանդերձ, իրաւունք ունիք այսօր պահ մը ժպտերես ու գոհունակ սրտով իրարու երես նայելու, մէկզմէկու աչքերը կարդալու եւ կտրուած երկար ճամբուն գինովցնող յաղթանակը տօնելու` մեզ ալ հրաւիրելով այդ կոչունքին` յիշեցնելով նաեւ մեր պարտաւորութիւնները:

Համայն Ֆրանսայի թատերական փառքն ու պարծանքը եղող Ժան Լուի Պարրօ ասկէ 2 ամիս առաջ «Ֆիկարօ լիթերեր»-ի մէջ յօդուածով մը նշեց ու տօնեց իր ասպարէզին երեսնամեակը, որուն մէջ կ՛ըսէ. «Միակ առաւելութիւնը, որ տարեդարձ մը կրնայ ներկայացնել, այդ այն է, որ առիթ հանդիսանայ ճշդորոշելու տեղդ` կտրած ու կտրելիք ճամբուդ վրայ»: Առնուազն միակ ա՛յս պատճառով կ՛արդարանայ արդէն ձեր քսանամեակի նշումը:

Ազնիւ գործ տեսաք ի նպաստ եւ ի փառս հայ մշակոյթին: Գիտակցութիւնը ցոյց տուիք ձեր ստանձնած դերին լրջութեան: Մեր ընկերութեան մէջ արդարացուցիք ձեր գոյութիւնը` միեւնոյն ատեն բարելաւուելով, դուք ձեզի եւ մեզի: Ձեր անձնուրացութեան ու հաւատքին մէջ եղաք անշահախնդիր, եւ տուիք միայն` առանց բան մը առնելու մեզմէ: Եղաք բառին բուն առումով  քրիստոնեաներ, եւ այսօր, երբ լեզու կ՛ելլէք ու ամբողջ 20 տարի տալէն ետք բան մըն ալ դուք կ՛ուզէք, եւ այն ալ ի՜նչ` տաճար մը, աղօթատեղի մը ձեր արուեստին աստուածներուն նուիրուած, բերդ մը հայ մշակոյթի պաշտպանութեան ի խնդիր: Արդարագոյն պահանջն է, որ կը դնէք մեր առջեւ, ազնուագոյն լուծը կը հանգչեցնէք մեր ուսերուն: Ո՞վ անարդար պիտի գտնէ ձեր պահանջը. ո՞վ պիտի զլանայ թեւերը սոթտելով գործի լծուելու, այս կամ այն ձեւով, քար մըն ալ ինք պիտի չդնէ այդ բերդին քարերուն վրայ, որպէսզի քարերը դառնան պատ ու առաստաղ, դառնան արուեստի տաճար եւ բարձրանայ հայ թատրոնի շէնքը:

«Ղայիմ բռնեցէք ձեր հաւատքը», հայուն Աստուածը չէ մեռած, տղա՛ք:

Դուք ձեր ընթացքով ցոյց տուիք, որ առեւտուր բառը սխալ է կերտուած հայոց լեզուին մէջ. յիշեցուցիք մեզի, որ կեանքի օրէնքով կ՛ըսէ. «Նախ տո՛ւր, ապա ա՛ռ»:

Դո՛ւք տուիք ու կը շարունակէք տալ, հերթը մերն է հիմա ձեզի ձեռք տալու: Վա՛յ մեզի, եթէ ամօթով մնանք: Բայց ինչո՞ւ. մենք ալ նոյն Հայկին թոռները չե՞նք: Մենք եզիտի՞ ենք, թէ՞ անգրագէտ ալպանացի…

Ո՛չ, երբե՛ք, երբեք չեմ կրնար հաւատալ հակառակին. տեսածներս ու զգացածներս ինծի այդպէս կ՛ըսեն. հոգիս այդպէս կը վկայէ:

Սրահին դրան առջեւ օդի հոսանքը արհամարհող տղոցմէ մինչեւ ժպտերես` յայտագիր բաժնող աղջիկները, բեմին տակը մտած յուշարարէն ու վերէն չուան ու կոճակ բանեցնող տղոցմէ մինչեւ խումբին ղեկավար վանահայրը ակնբախ էր, որ վճռած են կառուցել իրենց հաւատքին տաճարը` վերջ տալու համար գաղափարին գնչուութեան:

Ապրի՛ք տղաք, հազա՛ր ապրիք. «Զարկէ՛ք, յաղթողը դո՛ւք էք», մենք ենք, հայ ժողովուրդն է ու հայ մշակոյթը: Չէ՞ որ այդպէս է սորվեցուցեր մեզի մեր մեծ ուսուցիչը Խորենացին` «Սահման քաջաց զէնն իւրեանց»:

Յ. Ի.

17 յունուար 1962

Share this Article
CATEGORIES