ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ԻՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՀԵՏ

Նեւրուզի տօնակատարութիւններուն ընթացքին

Հայաստանի նախագահին մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հրաւէրով նախանցեալ օր աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Թեհրան:

Այցելութեան ծիրին մէջ ան հանդիպում ունեցաւ նախագահ Ահմատինեժատի հետ: Նախագահ Սարգսեան շնորհաւորեց Իրանի նախագահը եւ ժողովուրդը Նեւրուզի տօնին առիթով եւ իր ու ամբողջ հայ ժողովուրդին անունով բարեմաղթանքներ յղեց:

Հանդիպման ընթացքին նախագահները քննարկեցին երկկողմանի փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան զարգացման եւ բարի դրացիական յարաբերութիւններու ամրապնդման վերաբերող հարցեր: Անոնք կարեւոր նկատեցին յատկապէս ուժանիւթի, փոխադրութեան, մշակոյթի եւ կարգ մը այլ մարզերու մէջ զարգացող փոխադարձ գործակցութիւնը եւ անդրադարձան Իրան-Հայաստան երկաթուղիի կառուցման ծրագիրին:

Իրանի նախագահին հետ հանդիպումէն ետք, նախագահ Սերժ Սարգսեան Թեհրան ժամանած այլ երկիրներու ղեկավարներուն հետ «Վատաթ» համալիրին մէջ մասնակցեցաւ Նեւրուզի տօնակատարութեան եւ շնորհաւորական խօսք արտասանեց:

Նշելով, որ երկու ժողովուրդներն ալ կը տօնեն գարնան զարթօնքը, հայերը` իբրեւ Տեառնընդառաջ, իսկ իրանցիները` Նեւրուզ, Հայաստանի նախագահը ընդգծեց, որ անոնք ընդամէնը մէկ համեստ օղակն են ընդհանրութիւններու այն մեծ շղթային, որ դարերու ընթացքին ձեւաւորուած է Հայաստանի, Իրանի եւ շրջանի այլ ժողովուրդներուն միջեւ: «Անոնք կազմած են հայ-իրանական դարաւոր դրացնութեան եւ բարեկամութեան ամուր հիմքերը, որոնք Հայաստանի անկախացումէն ի վեր վերածուեցան երկու պետութիւններուն միջեւ լիարժէք գործընկերային միջպետական յարաբերութիւններու», ընդգծեց նախագահ Սարգսեան:

Միւս կողմէ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, որ Թեհրան կը գտնուէր աշխատանքային այցելութեամբ Իրան մեկնած Հայաստանի նախագահին ուղեկցող պատուիրակութեան կազմին հետ, 27 մարտին հանդիպում ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող տարբեր հարցեր:

Զրուցակիցները վերահաստատեցին փոխադարձ հաշուետուութեան վրայ հիմնուած երկկողմանի յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման եւ ամրապնդման պատրաստակամութիւնը:

Էդուարդ Նալբանդեան, կարեւոր նկատելով երկկողմանի մակարդակի պարբերական հանդիպումները, իրանցի իր գործընկերը Հայաստան հրաւիրեց:

 

Share this Article
CATEGORIES