ՂԱՆԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԻՐ ՀԱՒԱՏԱՐՄԱԳԻՐՆԵՐԸ ՅԱՆՁՆԵՑ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻՆ

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Ղանայի նոր նշանակուած դեսպան Սեթ Քորանթենկը` հաւատարմագիրներու պատճէնի յանձնման առիթով:

Նախարար Նալբանդեան յաջողութիւն մաղթեց նոր նշանակուած դեսպանին` իր նոր առաքելութեան մէջ եւ յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի մէջ Ղանայի դեսպանը իր գործունէութեամբ նպաստէ հայ-ղանայական կապերու զարգացման` ամուր հիմքեր ստեղծելով անոնց խորացման համար:

Դեսպան Քորանթենկ շնորհակալութիւն յայտնեց բարեմաղթութիւններուն համար` ընդգծելով, որ իր երկիրը շահագրգռուած է Հայաստանի հետ համագործակցութեան ընդլայնումով եւ զարգացումով` վստահեցնելով միաժամանակ, որ պիտի կատարէ իր առաւելագոյնը երկկողմանի համագործակցութեան ընդլայնման համար:

 

Share this Article
CATEGORIES