ԱՐՑԱԽ. ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ
Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Դաւիթ Լոքեանը եւ Լեւոն Մկրտչեանը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցեր:
Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ Քաշաթաղի շրջանի զարգացման եւ այնտեղ տարբեր ծրագիրներու իրականացման հարցերուն:
Այս ծիրին մէջ նախագահ Սահակեան ողջունեց սփիւռքահայ բարերարներու ներգրաւումը շրջանի զարգացման գործին մէջ` զայն նկատելով ներհայկական կապերու ամրապնդման կարեւոր գործօններէն մէկը:
CATEGORIES Հայկական