ՀՅԴ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՇՈՒԷՏԻ ԸՆԿԵՐՎԱՐ- ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

25-27 մարտին Սթոքհոլմի մէջ տեղի ունեցաւ Շուէտի ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան արտակարգ համագումարը, որուն ընթացքին ընտրուեցան կուսակցութեան նոր ղեկավարը եւ ընդհանուր քարտուղարը:

ՀՅԴ Մամլոյ դիւանը կը տեղեկացնէ, որ ժողովին իբրեւ հրաւիրեալներ մասնակցեցան աւելի քան 30 կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին` Հայ յեղափոխական դաշնակցութենէն Գասպար Կարապետեան (Յունաստան):

ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչը հանդիպումներ ունեցաւ նոր ընտրուած ընդհանուր քարտուղար Քարին Եամթինի, կուսակցութեան միջազգային քարտուղար Անն Լինտի եւ այլ պատասխանատուներու հետ: Արծարծուեցան երկու կուսակցութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը եւ կարելիութիւնները:

Գասպար Կարապետեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ հրաւիրեալ այլ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Ան մասնակցեցաւ միջազգային հրաւիրեալներուն համար Ուլոֆ Փալմէի հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած երկու սեմինարներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES