Ի ՆՊԱՍՏ «ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՓՐԿԵՆՔ» ՖՈՆՏԻՆ «ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՌՈԶՎԱՐԴ ՍԻՍԵՌԵԱՆԻ ԳԵՂԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ` «ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ» ՑՈՒՑԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Երէկ` չորեքշաբթի, 18 յունուար 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ գեղանկարիչ ՌոզՎարդ Սիսեռեանի իւղաներկ եւ աքրիլիք գործերու ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ արուեստագէտ եւ արուեստասէր հասարակութեան:

Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի եւ հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ ՌոզՎարդ Սիսեռեան շուրջ քառասուն տարիներ իր արուեստով վարակած է մշակութային միջավայրը:

Ան նշեց, թէ արուեստագէտը ուզած է արուեստին ընդմէջէն կատարել մարդկային ծառայութիւն, եւ երբ իմացած է «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին մասին, ուզած է ունենալ իր ներդրումը: Հաւաթեան աւելցուց, որ այս շրջագիծին մէջ, գեղանկարիչը այս ցուցահանդէսին հասոյթը պիտի տրամադրէ «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին` առ ի մասնակցութիւն բարեսիրական աշխատանքին:

Հաւաթեան յայտնեց, որ Սիսեռեան ստեղծագործական աշխատանքներուն կողքին նաեւ ունեցած է տասնամեակներու ուսուցչական ծառայութիւն` ձգելով մեծ վաստակ: Յակոբ Հաւաթեան շեշտեց, որ արուեստագէտին` ուրիշին օգնելու մօտեցումը դաստիարակիչ է եւ օգտակար:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ մեծապէս գնահատեց «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին գործունէութիւնն ու բարերարին մեծ ներդրումը մշակութային կեանքին մէջ: Առաջնորդ սրբազանը հաստատեց, որ արուեստին ընդմէջէն «Կեանք մը փրկենք» ֆոնտին օժանդակութիւն տրամադրելը իւրայատուկ երեւոյթ է եւ քաջալերական:

Իր կարգին, խօսք առաւ գեղանկարիչ ՌոզՎարդ Սիսեռեան, որ յայտնեց, թէ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը գաղութի կեանքին մէջ այսուհետեւ ունի իր մեծ կարեւորութիւնը եւ դերակատարութիւնը: Ան յոյս յայտնեց, որ յառաջիկային այլ առիթներու եւ միջոցներու ճամբով կրնայ իրականացնել այլ բարեսիրական եւ մարդասիրական աշխատանքներ, որոնք նեցուկ կը կանգնին կարիքաւորներուն:

Ցուցահանդէսին ՌոզՎարդ Սիսեռեան ցուցադրած էր 43 գեղանկարներ, որոնք ունէին յատուկ ոճ եւ գոյներու իւրայատուկ երանգներ: Գործերէն կարելի է յիշել «Բարեկենդան»-ը, «Լոյսի գոյներ»-ը, «Կեանքը ծառ»-ը, «Ձիթապտուղի ծառ»-ը եւ «Մեծմայր»-ը:

Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 25 յունուար 2012, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

Share this Article
CATEGORIES