Հ. ՎԱՐԴԱՆ ԵՊՍ. ԱՇԳԱՐԵԱՆԻ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ «ԱԶԴԱԿ»
Երէկ առաւօտ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն այցելեց Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ Հ. վարդան եպս Աշգարեան: Տնօրէնութեան հետ կայացած հանդիպումը հրաժեշտի այցելութիւն էր. գերապայծառը երկար տարիներ այս գաղութին մէջ հոգեւոր, կրթական, մշակութային, մամլոյ եւ հրատարակչական աշխատանքները աւարտելէ ետք կը մեկնի Վիեննա , այնտեղ եւս, մխիթարեան միաբանութեան ուխտին հետ շարունակելու համար հայ գիրի ու գրականութեան նուիրուած աշխատանքը:
«Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը բարի երթ եւ նոր առաքելութեան համար յաջողութիւն կը մաղթեն գերապայծառ Աշգարեանին:
CATEGORIES Գաղութային

