ԱՐԴԻԱԿԱՆԸ` Ի ՍՊԱՍ ՆՈՐԱՆՈՐ ՍԵՐՈՒՆԴՆԵՐՈՒ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱԶԳԻ ՎԵՐԵԼՔԻՆ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը հարազատ մնալով իր բազմիցս տուած խոստումին` խնայել ոչ մէկ ճիգ, զարգացնելու, արդիականացնելու համար կրթական այս օճախը, իւրաքանչիւր տարի նորութիւններ կը բերէ իր ընդհանուր կրթական համակարգին: Ընթացիկ ուսումնական տարեշրջանի մեկնարկէն ի վեր վարժարանի մէջ աշխատանքներ սկսած են ելեկտրոնային դպրոցի (e-school) ստեղծման առնչութեամբ: Իբրեւ այդպիսին, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը կը հանդիսանայ առայժմ միակ լիբանանահայ վարժարանը: Այս առթիւ, e-skool ընկերութեան հետ համատեղ աշխատանքները հասած են որոշակի հանգրուանի մը: Հինգշաբթի, 12 յունուար 2012-ին, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ հինգշաբթի, 19 յունուար 2012ին վարժարանի մէջ յատուկ հանդիպում-ժողովներ կազմակերպուած են վարժարանի ծնողներուն հետ, որոնց ընթացքին անոնց կը տրուի բացատրութիւններ ելեկտրոնային դպրոցի աշխատանքներուն մասին: Ըստ ծրագրուածին, մեր ծնողները, որոնց կը տրուին անհատական բանալի բառեր (user name & passwords), կրնան իրենց տուներէն հետեւիլ աշակերտ-զաւակներուն դասերուն, մանրամասնօրէն տեղեկանալով անոնց տնային պարտականութիններուն, ծանօթանալ դպրոցին մէջ անոնց կարգապահական վիճակին եւ այլն:

Այսպիսով, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը կը մնայ հաւատարիմ իր առջեւ դրուած գերխնդիրին` ընթանալ յարատեւ զարգացման ուղիով, կրթելու ու դաստիարակելու համար սերունդներ` միշտ պատրաստ ծառայելու ազգին ու հայրենիքին:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Share this Article
CATEGORIES