ՖԱՍՍՈՒՀԻ ԴԷՊՔԻՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ ԴԻԱԿՆԵՐԸ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՆ ՀՈՂԻՆ

Յուղարկաւորութեան արարողութենէն պահ մը

Էշրեֆիէի Ֆասսուհ շրջանը, որ կիրակի օրուընէ ի վեր կ՛ողբայ, երէկ սեւով պատուեցաւ եւ հրավառութեամբ թնդաց, երբ փուլ եկած շէնքին զոհերուն դիակները յանձնուեցան հողին:

Յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ կատարեց Ֆասսուհի շէնքին զոհերէն` 15-ամեայ Ան Մարի Ապտել Քերիմին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որուն ընթացքին ան հարց տուաւ այդ դէպքին պատասխանատուին մասին եւ շեշտեց, որ արդարացուցիչ ոչ մէկ պատճառ ունի պատահարը:

Աուտէ եպիսկոպոս ոչ մէկ կողմ ամբաստանեց այդ դէպքին յանցանքով, սակայն կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն` մէկդի դնելու իրենց տարակարծութիւնները եւ կատարելու իրենց պարտականութիւնները:

Յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան իշխանութեան երեք պետերուն ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ նախարարներ, երեսփոխաններ եւ բարձրաստիճան պատասխանատուներ:

Միւս կողմէ, երեք երիտասարդները` Շարպել, Ֆարհաթ եւ Ժիհատ Նայիմ, որոնք փութացած էին փրկելու իրենց հայրը` Թանիոս Նայիմը, սակայն իրենց հօր հետ միասին մնացած էին փուլ եկած շէնքին տակ, երէկ յանձնուեցան հողին:

Յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ գտնուեցան իշխանութեան երեք պետերուն ներկայացուցիչները, զոհերուն ծննդավայրին` Ժեզզինի երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ այլ երեսփոխաններ եւ պատասխանատուներ:

Ժեզզինի Զհալթա գիւղաքաղաքին մէջ թաղուեցան Նայիմ ընտանիքի հայրը եւ անոր երեք զաւակները:

Share this Article
CATEGORIES