ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ

Սուրիոյ դեսպանը եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Պէյրութի վերջին քանի մը օրուան զարգացումները:

Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրներուն գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս նկատի ունենալով սահմանամերձ շրջաններուն պահպանումն ու զէնքի մաքսանենգումին կասեցումը:

Հանդիպումէն ետք Ալի կոչ ուղղեց, որ լիբանանեան կողմը աւելի խիստ կերպով իր հակակշիռը բանեցնէ սահմաններուն վրայ` հաստատելով, որ լիբանանեան կողմը պէտք չէ արտօնէ միջազգային կողմերուն որեւէ անուանումի տակ օգտագործելու Լիբանանը:

Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Ուաթքինզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի Լիբանան կատարած այցելութեան մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ուաթքինզ յայտնեց, որ Պան Քի Մուն լիբանանցի պատասխանատուներուն հետ քննարկած է շատ կարեւոր հարցեր:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեցին նաեւ նախկին նախարարներ Էլիաս Սքաֆ, Մոհամետ Եուսեֆ Պայտուն, Զիատ Պարուտ եւ Եուսեֆ Սաատէ:

Share this Article
CATEGORIES