ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՎԱՒԵՐԱՑՈՒՑ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԻ ՅԱՒԵԼՈՒՄԸ` ՆՈՒԱԶԱԳՈՅՆ ԱՇԽԱՏԱՎԱՐՁԸ ՎԵՐԱԾԵԼՈՎ 675 ՀԱԶԱՐ Լ. ՈՍԿԻԻ
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նիստին ընթացքին կառավարութիւնը քննարկեց աշխատավարձերու սրբագրումին թղթածրարը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը վաւերացուց աշխատավարձերու յաւելումը, որուն հիման վրայ նուազագոյն աշխատավարձ ճշդուեցաւ 675 հազար լ. ոսկի, այսինքն` վաւերացուեցաւ արդիւնաբերութեան երկու կողմերուն միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը:
Տաուք յայտնեց, որ որոշուեցաւ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդին տրամադրել առ հաշիւ գումար մը, որպէսզի կատարէ 2006-ի յուլիսեան պատերազմէն տուժած բնակարաններուն հատուցումները, ինչպէս նաեւ հատուցելու համար 2010-ին եւ 2011-ին Լիբանանը հարուածած փոթորիկներէն եւ ողողումներէն տուժած քաղաքացիները:
Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը առ հաշիւ գումարներ տրամադրած է նաեւ ելեւմուտքի եւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարարութեան, ինչպէս նաեւ Վերաշինութեան եւ բարգաւաճման խորհուրդին, ինչպէս նաեւ ամերիկեան կառավարութենէն եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի մաս կազմող քորէական ջոկատէն ստացած է օժանդակութիւններ` լիբանանեան բանակին համար:
Նախքան նիստին սկսիլը, աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ կառավարութեան ներկայացուցած է երկու օրէնքներ, որոնցմէ առաջինը իր մշակած օրէնքն է, որուն հիման վրայ նուազագոյն աշխատավարձը պիտի հասնի 800 հազար լ. ոսկիի, իսկ երկրորդը` Տնտեսական խորհուրդներուն եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը, որուն հիման վրայ նուազագոյն աշխատավարձը պիտի ըլլայ 675 հազար լ. ոսկի:
Նահհաս կառչած մնաց այդ օրէնքները քուէարկութեան ենթարկելու, որուն իբրեւ արդիւնք Նահհասի ծրագիրին թեր քուէարկեցին 10 նախարարներ, իսկ դէմ քուէարկեցին 19 նախարարներ:
Անհրաժեշտ է շեշտել, որ Նահհասի ներկայացուցած ծրագիրին շուրջ հիմնական տարակարծութիւնը փոխադրածախսի հարցն էր:
Նշենք, որ նախքան նիստին գումարումը, նախարարներ Հիւսէյն Հաժ Հասան, Ժըպրան Պասիլ, Մոհամետ Ֆընէյշ եւ Շարպել Նահհաս գումարեցին դռնփակ նիստ մը:


