ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԵՐՔԻՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԵԱՆ ԱՄՐԱՊՆԴՈՒՄԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ Է»
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ հիւպատոսական անձնակազմը, որուն ներկայութեան նշեց, որ իր կարծիքով, ընթացիկ տարին պիտի ըլլայ լաւ տարի մը, որուն ընթացքին Լիբանան պիտի կարենայ մեծ նուաճումներ իրագործել:
Նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել լիբանանեան ներքին միասնականութիւնը, ինչպէս նաեւ բարելաւել Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը, որպէսզի Լիբանանը մնայ շրջանին մէջ ժողովրդավարութեան ռահվիրան, որ շրջանի երկիրներուն հետ ունի միջպետական յարաբերութիւններ:
Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ կառավարութիւնը այս հանգրուանին պէտք է իրագործէ իր հետապնդած ծրագիրները, որոնց շարքին են ընտրական օրէնքը, վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը, ինչպէս նաեւ քարիւղի պեղման սկսելու օրինագիծը:
Իր կարգին, հիւպատոսական անձնակազմի քարտուղար Ժոզեֆ Հապիս նշեց, որ Լիբանանի հիւպատոսական անձնակազմը կը հետեւի հանրապետութեան նախագահին ջանքերուն` Լիբանանի իրավիճակը ամրապնդելու համար, ինչպէս նաեւ երկրին անկախութիւնը, ազատութիւնը եւ գերիշխանութիւնը պահպանելու համար:
Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Սլէյման ակնարկեց պետական նշանակումներուն` ըսելով, որ ինք կ՛առաջարկէ Լիբանանի սահմանադրութիւնը բարեփոխել, որպէսզի կարելի ըլլայ Ա. կարգի պետական պաշտօնեաներուն նշանակումը կատարել մեծամասնութեան քուէներով:
Դատական իշխանութեանց գերագոյն խորհուրդի նախագահի նշանակման առումով հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ ինք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին անկեղծօրէն ըսած է, թէ դատախազ Ալի Շապթինին ամէնէն ատակ թեկնածուն է այդ պաշտօնին համար:
Նախագահ Սլէյման վերահաստատեց, որ ինք կառչած կը մնայ ազգային երկխօսութեան նիստերուն վերսկսելու գաղափարին` աւելցնելով, որ անիկա համաձայնութիւն գոյացնելու միակ միջոցն է:


