«ԹՈՒՐՔԻԱ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՅՍՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷԿ ԱՅԼ ԵՐԵՍՆ Է, ՈՐ ՏԱՐԲԵՐ ԴԻՄԱԿՈՎ ԿԸ ՅԱՅՏՆՈՒԻ ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ» ՇԵՇՏԵՑ ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ ներքին լիբանանեան քաղաքական երկփեղկումին, երկրին դիմագրաւած հարցերուն եւ մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւններուն` զգուշացնելով Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ ստանձնած դերակատարութենէն:
Անդրադառնալով Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակին` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն առաջին իսկ օրէն զգուշացուցած է երկրին մէջ տիրող ուղղահայեաց երկփեղկումը խորացնելէ:
Ան նշեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը պահպանէ չափաւորականութիւնը, կը շեշտէ ազգային երկխօսութեան կարեւորութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղէ քաղաքական երկփեղկումը խորացնող եւ լարուածութիւն ստեղծող քաղաքական բառամթերքէն հեռու մնալու:
«Հակառակ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ մեր դաշինքին, մենք օր մը օրանց այս կամ այն քաղաքական կողմին շահերը պաշտպանելու իմաստով ծայրայեղ չենք եղած, այլ` ծայրայեղութեամբ պաշտպանած ենք Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը, գերիշխանութիւնը եւ անկախութիւնը: Մենք կը հաւատանք ուրիշը ճանչնալու եւ ընդունելու գաղափարին եւ ոչ թէ զայն ջնջելու մշակոյթին», ըսաւ ան:
Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին խօսելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը հաւատայ, որ ամէնէն աւելի ժողովրդային ներկայացուցչութիւն ապահովող թեկնածուն է, որ պէտք է խորհրդարան հասցնել: Ան նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ դաշնակից ըլլալով ՀՅԴ հանգիստ է եւ քաղաքական այլ կուսակցութիւններու հետ այդպիսի դաշինք հաւանական կը նկատէ:
Յ. Բագրատունի նշեց նաեւ, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի քաղաքական միւս ուժերուն եւ անկախ անձնաւորութիւններուն հետ ալ հեզասահ յարաբերութիւններ ունի` աւելցնելով սակայն, որ որոշ տարակարծութիւններ եւ տարբեր տեսակէտներ կան:
Կառավարութեան աշխատանքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ ոչ մէկ քաղաքացի կրնայ գոհ ըլլալ նման բնոյթի աշխատանքէ մը` ցաւ յայտնելով, որ նախկին կառավարութիւններուն կողքին, ներկայ կառավարութիւնը եւս կարեւորութիւն չէ ընծայած լիբանանցիներուն մատուցուելիք ծառայութիւններուն ու քաղաքացիներուն օրուան ապրուստին եւ տնտեսական ու ընկերային մարզերուն աշխատանքներուն բարելաւումին:
Ան դատապարտեց երկրին մէջ ամէն բան քաղաքականացնելու քայլը:
Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան ակնարկելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի աստղը փայլելէ ետք, իրենք լիբանանցիներն ու արաբական աշխարհը բազմիցս զգուշացուցած են, թէ օրը պիտի գայ եւ Օսմանեան կայսրութիւնը շրջանին մէջ պիտի յայտնուի Թուրքիոյ դիմակով:
«Թուրքիա անկարելին պիտի ընէ, որպէսզի շրջանին մէջ դիւանագիտական, ընկերային, առողջապահական եւ այլ մարզերուն ընդմէջէն կարենայ իրագործել այն ինչ որ Օսմանեան կայսրութիւնը սուրով եւ հուրով չկրցաւ իրագործել անցեալ դարերուն: Մենք հաստատեցինք, որ Թուրքիոյ քաղաքականութիւններուն մօտէն ծանօթ ենք եւ Լիբանանի ու լիբանանցիներուն նկատմամբ մեր սիրոյն ու յանձնառութեան իբրեւ արդիւնք զանոնք կը զգուշացնենք վերջին շրջանին Թուրքիոյ բեմադրած թատրոններէն, որոնցմէ էր «Մարմարա» նաւը, Կազայի բնակչութեան օժանդակութիւնը եւ այլ երեւոյթներ, որոնք Էրտողանը վերածեցին արաբ հերոսի մը», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչը աւելցուց, որ շրջանին մէջ Թուրքիա պարզապէս արեւմտեան քաղաքականութեան, յատկապէս` ամերիկեան քաղաքականութեան լծակներէն է, որուն պարտականութիւնն է ռազմավարական նոր հաւասարակշռութիւններ յառաջացնել եւ արաբական ներքին տարակարծութիւններէն օգտուելով ամբողջ շրջանը մասնատել համայնքային պետութիւններու:
«Այսօր Թուրքիա կը ներկայանայ ժողովրդավարութեան եւ համերաշխութեան, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներուն մէջ նոր իշխանութեանց իբրեւ օրինակելի տիպարը:
Իսկ Տաւութօղլուի Լիբանան կատարած այցելութեան ընթացքին ոմանք դրուատեցին արաբական երկիրներուն մէջ քրիստոնեաներու գոյութեան նկատմամբ Թուրքիոյ յանձնառութիւնը, ինչպէս նաեւ ողջունեցին Պոլսոյ մէջ իսլամ-քրիստոնեայ խորհրդաժողովի մը հրաւիրելու թրքական նախաձեռնութիւնը: Այս բոլորը նկատի ունենալով` մենք Լիբանանի եւ անկէ դուրս գտնուող բոլոր քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն կ՛ըսենք, որ քրիստոնեաներուն նկատմամբ Թուրքիոյ յանձնառութիւնը պէտք է սկսի Թուրքիոյ մէջ գտնուող քրիստոնեաներուն գոյութեան նկատմամբ անոր նախանձախնդրութենէն, ըլլան անոնք ասորի, յոյն ուղղափառ, թէ հայ: Իսկ իսլամները պէտք է դասեր քաղեն հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի եւ շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի կողմէ Տաւութօղլուի Քուրան նուիրելու նախաձեռնութենէն, որովհետեւ անոնց նպատակն էր Թուրքիոյ պատգամել, թէ ան արաբերէնով, այսինքն` Մոհամետ մարգարէի լեզուով պէտք է կարդայ Քուրանը եւ ոչ թէ օսմանեան թրքերէնով», շեշտեց Յ. Բագրատունի:
Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ տիրող իրադարձութիւններուն գծով ՀՅԴ-ի կեցուածքին` երեսփոխան Բագրատունի ընդգծեց, որ հարկ է Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամուխ չըլլալ: Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ տեղի ունենալիք բարեկարգումներուն եւ կարեւոր կը նկատէ Սուրիոյ մէջ բռնարարքներուն, ինչպէս նաեւ սուրիական վարչակազմին դէմ պայքարող քաղաքացիներուն զինման կասեցումը:
Ընտրական օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ Յոյն ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը արդար եւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն չ՛ապահովեր: «Յարմար առիթին եւ լրատուամիջոցներուն լուսարձակներէն հեռու, մենք պիտի տանք մեր որոշումը եւ յստակ կերպով յայտարարենք մեր կեցուածքը, երբ խորհրդակցութիւնները լուրջ հանգրուանի մը հասնին», եզրափակեց Յ. Բագրատունի:

