ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ՂԱԶԻՐ – ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ եւ դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 19 յունուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց ներկայացուցչական խումբը պիտի մրցի Ղազիրի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Ղազիրի դաշտին վրայ:

ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ համակիրները պիտի փոխադրեն Ղազիրի դաշտ, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն եւ «Շաղզոյեան» կեդրոնէն:

Share this Article
CATEGORIES