ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ ներքին գործոց նախարարութեան թնճուկը լուծուած է` նախարար Զիատ Պարուտը պահելով իր պաշտօնին վրայ: Անոնք նշեցին, որ անցնող 24 ժամուան ընթացքին Միքաթի հանդիպումներ ունեցած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, անոր խորհրդականին` երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլի հետ եւ մթնոլորտը դրական է: Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ կառավարութիւնը կրնայ կազմուիլ յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին:
ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, անհրաժեշտ է արագացնել կառավարութեան կազմութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին ապահովական կայունութիւնը խախտելու փորձերը կանխարգիլել:
ԸՍՏ «Անպա» օրաթերթին, հրաժարեալ կառավարութեան վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի ուղղուի Պեքաա, ուր շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ մարտ 13-ի հաւաքին շրջանի բնակիչներուն բերած մասնակցութեան համար: Պեքաայի մէջ Հարիրիի կեցութիւնը պիտի տեւէ քանի մը օր:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը` իր տեղեկութիւնները քաղելով ապահովական բարձրաստիճան պատասխանատուներէն, շեշտեց, որ Զահլէի ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ առջեւ ականը պայթեցնող յանցագործներն են, որոնք առեւանգած են 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները:
«ԼԻՈՒԱ» օրաթերթ. «Հըզպալլա եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պատրաստակամութիւն յայտնեցին օժանդակելու վարչապետ Միքաթիին` կառավարութեան կազմութեան առումով»:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ եւ քննարկած տեղական ու շրջանային իրադարձութիւնները:
ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ուժերը անցեալ շաբաթավերջին Լիբանանի տարածքին ձերբակալեցին 54 յանցագործներ:
ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ անդրադառնալով Զահլէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պայթումին ըսաւ, որ քրիստոնեայ համայնքին բոլոր եկեղեցիներն ու աղօթատեղիները ենթակայ են Քայիտայի ահաբեկչական ցանցին սպառնալիքներուն:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան շեշտեց, որ Զահլէի Ս. Աստուածածին եկեղեցին թիրախ դարձնելը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դէմ գործուած ոճրային արարք մըն է, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ոչ միայն քրիստոնեայ համայնքին, այլ նաեւ իսլամներուն դէմ յարձակում մը: Ան կոչ ուղղեց ուժգին կերպով հարուածելու երկրին ապահովական կայունութիւնը քանդել փափաքող կողմերը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Ֆրենսիս Կայը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանն ու շրջանը յուզող հարցերը:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերը երէկ Սուրի մէջ ձերբակալեցին Իսրայէլի հաշւոյն լրտեսող քաղաքացի մը, որ խոստովանեցաւ, թէ ինք 2006-էն ի վեր կը գործէ Իսրայէլի հետ:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ատնան Քասսար կոչ ուղղեց արագացնելու կառավարութեան կազմութիւնը, որովհետեւ քաղաքական անիշխանութիւնը ի վերջոյ կը յանգի ապահովական անիշխանութեան:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ ապահովական ուժերը պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնեն` պաշտպանել կարենալու համար Լիբանանը:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Զիատ Պարուտ երէկ նախագահեց ապահովական բնոյթ ունեցող նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան ապահովական մարմիններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ: