ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՀՈԳԵՒՈՐ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍ ԿԱԶՄԵԼՈՒ

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ շարունակեց ընդունիլ շնորհաւորութիւններ` իր գահակալման արարողութեան առիթով:

Ռայի պատրիարքը Իքլիմ Խարրուպէն Պքերքէ ժամանած զինք շնորհաւորող պատուիրակութեան ներկայութեան շեշտեց հոգեւոր եւ ընկերային գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` կերտել կարենալու համար առողջ ընկերութիւն մը:

Պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ շէյխ Զէյնէտտին, որ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր պատրիարքին` յոյս յայտնելով, որ ան կարենայ իրագործել իր կարգախօսը, որ հիմնուած է գործակցութեան եւ սիրոյ վրայ:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Պէյրութի թաղապետերու մէկ պատուիրակութիւնը, որ իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթութիւնները փոխանցեց նորընտիր պատրիարքին:

Պքերքէի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Զիատ Քատիրի:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Զահլէի ասորի ուղղափառ համայնքի Պուլոս Սաֆար եպիսկոպոսին հետ եւ խստիւ դատապարտեց եկեղեցին թիրախ դարձնող պայթումը. ան զօրակցութիւն յայտնեց ասորի ուղղափառ համայնքին եւ անոր զաւակներուն:

Նշենք, որ յառաջիկայ ամսուան կիսուն Ռայի պատրիարքը պիտի մեկնի Վատիկան, ուր Պենետիկտոս ԺԶ. պապը պաշտօնապէս պիտի վաւերացնէ անոր պատրիարքական ընտրութիւնը: Հռոմ այցելութենէն ետք Ռայի պատրիարքը հովուապետական այցելութեամբ մը պիտի մեկնի կարգ մը արաբական եւ եւրոպական երկիրներ, որոնց մէջ Սուրիա կը գրաւէ առաջին դիրքը:

Այլ գետնի վրայ, կը նախատեսուի, որ Պշարա Ռայի պատրիարքը մօտիկ ապագային այցելէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի եւ հրաժարեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Share this Article
CATEGORIES