ՖԱՅՍԱԼ ՔԱՐԱՄԷ ԱՅՑԵԼԵՑ ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՀՅԴ ԱԿՈՒՄԲ

Ուրբաթ, 25 մարտ 2011-ին, կէսօրէ ետք Թրիփոլիի ՀՅԴ ակումբ այցելեց նախկին վարչապետ Օմար Քարամէի զաւակը` Ֆայսալ Քարամէ, որ բարձր գնահատեց լիբանանահայութեան եւ յատկապէս շրջանի հայութեան դրական եւ օրինակելի մասնակցութիւնը զանազան մարզերու մէջ: Այս առիթով ան յայտարարեց, որ պէտք է շուտով կազմուի նոր կառավարութիւնը` նկատի ունենալով շրջանային եւ արաբական երկիրներուն մէջ ծայր առած տագնապին ազդեցութիւնը Լիբանանի քաղաքական կեանքին վրայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES