50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (20 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 1962)
ՀԱՅ ԿԵԱՆՔ
ՀԱՅՐ ՂԵՒՈՆԴ ԱԼԻՇԱՆԻ
ՄԱՀՈՒԱՆ 50-ԱՄԵԱԿԸ
Հռոմի հայ գաղութը դեկտեմբերի վերջին օրը նշած է հայր Ղեւոնդ Ալիշանի մահուան 50-ամեակը: Եկեղեցական արարողութիւններէն ետք վարժարանի ընդարձակ դահլիճին մէջ սկսած է հանդիսութիւնը:
Բացումը կատարուած է «Ես իմ անուշ Հայաստան»-ով, որ երգած են Լեւոնեան-Մխիթարեան հաստատութեանց երիտասարդ ժառանգաւորները: Յարութիւն Էվերեկլեան կենսագրական ծանօթութիւններ տուած է: Արտասանուած է Ալիշանի «Առ ոգին հայաստանեայց» հայրենաշունչ քերթուածը: Քառաձայն երգուած է Ալէմշահի «Ոհ դու բարեկամը»: Գաբրիէլ Սահակեան ըրած է Ալիշանի բանաստեղծական վերածումը: Փակման խօսքը ըրած է մեծաւորը` Ներսէս ծ. վարդապետ:
ԹՈՒՐՔ ԹԵՐԹ ՄԸ ԱԴԱՄԵԱՆԻ
ՆԵՐԲՈՂԸ ԿԸ ՀԻՒՍԷ
Պոլսոյ «Ժուռնալ տ՛Օրիան» թերթին մէջ Պ. Սը Սիսով անուն յօդուածագիր մը մեծանուն արուեստագէտ Պետրոս Ադամեանի կենսագրական գիծերը կու տայ` առնելով ծանօթ բեմադրիչ Աշոտ Մատաթեանի «Իսթանպուլի համայնագիտարանին» տուած տեղեկութիւններէն: Յօդուածագիրը այս առթիւ վեր կը հանէ, որ մեծանուն ողբերգակ Պետրոս Ադամեան անցեալ դարուն վերջաւորութեան մեծ ծառայութիւններ մատոյց Թուրքիոյ բեմին:
«ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆ ՕՐԵՐԸ»
Լեւոն Քէշիշեան կը գրէ Նիւ Եորքէն.-
Ֆրանց Վերֆելի սքանչելի վէպը` «Մուսա լերան քառասուն օրերը», կրկին հրապարակի վրայ է:
«Նիւ Եորք փոսթ»-ի գրաԽօսը կը ներկայացնէ այս գործը` իբրեւ լաւագոյն վէպը վերջին երեսուն տարուան ընթացքին: Թերթը կը գրէ. «Հայկական գիւղի մը հերոսական պայքարը թուրքերուն դէմ»:
ՈՒԻԼԻԸՄ ՍԱՐՈՅԵԱՆ ՖՐԱՆՍԱ ՄԵԿՆԱԾ Է
Ուիլիըմ Սարոյեան կրկին Ֆրանսա մեկնեցաւ: Լրագրողներուն յայտնեց, թէ իր դժուարութիւնները ամերիկեան կառավարութեան հետ շուտով պիտի կարգադրուին, եւ նոյնիսկ յաջորդ եղանակին թատրերգութիւն մը պիտի բեմադրէ Պրոտուէյի վրայ:
Յայտարարեց, թէ բազմաթիւ նոր թատրերգութիւններ գրած է, որոնք բնաւ չեն բեմադրուած:
ԱԹԵՆԱԿՈՐԱՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՃԱՇԻ ՀՐԱՒԻՐԱԾ Է
ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ
Յունաց տիեզերական պատրիարքը` Աթենակորաս, ամսոյս 15-ին ճաշի հրաւիրած է Պոլսոյ պատրիարք Շնորհք արքեպիսկոպոսը: Յունաց Սինոտի անդամները, 12 եպիսկոպոսներ, ներկայ գտնուած են ճաշկերոյթին:
Մտերմական մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած է ճաշկերոյթը եւ բաժակներ պարպուած են: Հայոց պատրիարքի մուտքի եւ մեկնումի պահուն յունաց մայր եկեղեցւոյ զանգակները ղօղանջած են:
1961-Ի ՏԱՍԸ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՀԱՅ ՄԱՐԶԻԿՆԵՐ
1.- Տէր Յովհաննէսեան` աթլեթիզմ:
2.- Նովիքով` արդիական բենթաթլոն:
3.- Յովսէփեան` աթլեթիզմ:
4.- Համբարձումեան` ֆութպոլ:
5.- Առաքելեան` աթլեթիզմ:
6.- Ֆարաճեան` հալթեր:
7.- Չըմիշքեան` հալթեր:
8.- Ալաճաճեան` պասքեթպոլ:
9.- Դամրազեան` հալթեր:
10.- Կալոյեան` հալթեր:

