ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. «ՓՈՔՐ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՓՈՔՐ ԳԻՐՔԸ»
ԿԱՐՃ ՊԱՏՄՈՒԱԾՔԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒԻ ԼԱԿՈՆԱԿԱՆ ԴԱՏԱՐԿԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԱՅՍ ԴԱՐՈՒՆ: ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ՊԱՏԿԵՐԱԶԱՐԴ ԳՈՂՏՐԻԿ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷ ԲԱՂԿԱՑԱԾ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԳԻՐՔԻ ՄԸ ՀՄԱՅՔԸ:
«Տիեզերքը հիւլէներէ բաղկացած չէ, այլ` փոքրիկ պատմութիւններէ»: Ամերիկացի բանաստեղծ Միւրիըլ Ռուքէյզըրի այս խօսքը յաճախ կը մէջբերուի: Այս անժամանցելի ճշմարտութեան արդի թեւեր տալու նպատակով` ամերիկացի դերասան Ճոզըֆ Կորտըն-Լեւիթ, որ աւելի ծանօթ է իբրեւ «Ռեկիւլըր Ճօ»` իր «ՀիթՌեքըրտ» թատերախումբին աշխարհին մէջ, հազարաւոր անձերէ խնդրած է քանի մը բառերէ եւ պատկերներէ բաղկացած փոքրիկ պատմութիւններ ուղարկել իրեն:
Արդիւնքը «Տը թայնի պուք աֆ թայնի սթորիզ. վիժուըլ մայքրօ-թէյլզ աֆ աուր շերտ հիւմանիթի» գիրքին առաջին հատորն է, որ լոյս տեսած է աշխարհի տարածքին բազմաթիւ արուեստագէտներու եւ գրագէտներու պարագայական գործակցութեամբ:
Գիրքը կը պարունակէ 67 փոքր պատմութիւններ, զորս Կորտըն-Լեւիթ ի՛նք ընտրած է աւելի քան 8500 նմուշներէ: Անիկա մասամբ կը յիշեցնէ «Թրի լայն նովըլզ»-ը (երեք տողնոց վէպեր) եւ մասամբ` «Սիքս-ուըրտ մեմուարը» (վեց տողնոց յուշագրութիւն): Այսուհանդերձ, նաեւ բոլորովին իւրայատուկ բան մըն է եւ շատ գեղեցիկ, լեցուն` բանաստեղծականութեամբ եւ մարդկայնութեամբ, դատարկ տողերով լեցուն մերօրեայ մշակոյթին մէջ: Այս գիրքէն կ՛արտացոլայ այնպիսի՛ հարստութիւն մը եւ ազատ թռիչք մը, որ կը մականցէ անոր կարճ տողերէն անդին:
Մերթ սրամիտ, մերթ դիպուկ, միշտ` խորապէս մարդկային, «Տը թայնի պուք աֆ թայնի սթորիզ» գիրքին առաջին հատորը մեզի կը յիշեցնէ, թէ բոլորս միայն քանի մը բառ եւ քանի մը պատկեր հեռու ենք իրարմէ, եւ թէ` պարզապէս պէտք է կապ մը հաստատենք մեր հասարակաց մարդկայնութեան աշխարհին հետ:
Ստորեւ` քանի մը օրինակ.

«Օր մը նախաճաշէն առաջ նարինջ մը գետին ինկաւ խոհանոցին սեղանէն եւ խոյս տուաւ իր ճակատագիրէն` ուրախ զուարթ ցատկռտելով խոհանոցին երկայնքին: Յոյսով լեցուած` հաւկիթը հետեւեցաւ անոր»:

«Բժիշկին կինը օրական երկու խնձոր կ՛ուտէր` ապահով ըլլալու համար: Սակայն ամուսինը միշտ տուն կը վերադառնար»:


