ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԱՇԽԱՐՀԷՆ. ԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՇ ԳԱՂԱՓԱՐ ՄԸ

«Մշակոյթը կը գտնուի գաւառային դառնալու վտանգին դիմաց», կ՛ըսէ Ճորճ Սթայնըր:

ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ, ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆ, ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ… ԱՅՍՕՐ ԱՇԽԱՐՀԸ ՀԱՍԿՆԱԼՈՒ ԱՅՍ ՄԻՋՈՑՆԵՐԸ ԿԸ ԶԱՐԳԱՆԱՆ ԱՆՋԱՏԱԲԱՐ, Կ՛ԱՓՍՈՍԱՅ ԱՆՈՒԱՆԻ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ԵՒ ՄԱՐԴԱՍԷՐ ՃՈՐՃ ՍԹԱՅՆԸՐ: ԱՅՍՈՒՀԱՆԴԵՐՁ, ԱՆ ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՅ, ԹԷ ՄԻՆՉ ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ  ԿՈՐՍՆՑՈՒՑԱԾ Է ԻՐ ՅՈՅՍԵՐԸ, ԱՆԴԻՆ` ՄՇԱԿՈՅԹԸ, ԻԲՐԵՒ ԲԱՑ ՏԱՐԱԾՔ, ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՄՆԱԼ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԼԱՍՏ ՄԸ, ՄԱՍՆԱՒՈՐԱԲԱՐ` ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ: ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ «ՓՐԵՍԵՈՒՐՈՓ» ԹԵՐԹԸ ԿԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԷ ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ ԱՆՈՐ ՀԵՏ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՄԷԿ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԷՆ, ՈՒՐ ԲԱԶՄԱՄՇԱԿՈՅԹ ԿՐԹՈՒԹԵԱՄԲ ԿԱԶՄԱՒՈՐՈՒԱԾ ՍԹԱՅՆԸՐ ԼԱՅՆԱԾԻՐ ՀԱՅԵՑԱԿԷՏԵՐՈՎ ԿԸ ՎԵՐԼՈՒԾԷ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԿԸ ՆԱՀԱՆՋԷ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԸ ԿԸ ՎԵՐԱԾՈՒԻ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՒԵԼԻ ՓԱԿ ՎԱՅՐԻ ՄԸ: ԱՆ ՄՏԱՎԱԽՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ, ԹԷ ՄԵՐՕՐԵԱՅ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԲՆՈՅԹԸ ՄՌԱՅԼ ԱՊԱԳԱՅ ՄԸ ԿԸ ՎԵՐԱՊԱՀԷ ՄԱՐԴԿՈՒԹԵԱՆ, ԵՐԲ ԱՐՈՒԵՍՏՆԵՐՆ ՈՒ ՓԻԼԻՍՈՓԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ՉԵՆ ՅԱՋՈՂԻՐ ԲԱՑԱՏՐԵԼ ԶԱՆՈՆՔ: ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ Է ՆԱԵՒ ՆԿԱՏԵԼ ԱՅՆ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆԸ, ԹԷ ԾԱԳՈՒՄՈՎ ՀՐԵԱՅ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՌԱՋՆԱԿԱՐԳ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԲԱՐՁՐ ԴԻՐՔԵՐ ԳՐԱՒՈՂ ԱՅՍ ԱՆՁԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷ ՀԵՌՈՒ ԵՒ ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱՑԻ ՄԸ ԶԳԱԼՈՎ ՀԱՆԴԵՐՁ, ՀԱՆԳԻՍՏ ԿԸ ԶԳԱՅ ԱՊՐԵԼՈՎ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ, «ԱՒԵԼԻ ՄՕՏ ՄՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՇՈԱՀԻ»…

 

Նիցչէ, Հերակլիթոս եւ Տանթէ հերոսներն են անոր մէկ նոր գիրքին` «Տը փոէթրի աֆ թոթ» (մտածողութեան բանաստեղծութիւնը): Սակայն առայժմ կրնան սպասել անոնք: Ճորճ Սթայնըր մեզ կը դիմաւորէ Քէյմպրիճի իր բնակարանին մէջ, գաւաթ մը սուրճի եւ սիկարի հետ պատմելով քմայքով յատկանշուած մանրավէպ մը. երբ ստորջրեայ Եուրոսթար գնացքը սկսած էր գործել, ան մէկ դահեկան առաջարկած էր մանուկի մը, որ առաջին անգամ տեսած էր ձուկ մը` ստորջրեայ փապուղիին մէջ:

«Ծնողները խենթացան», կը նշէ բաղդատական գրականութեան դասախօս Ճորճ Սթայնըր: Երգիծանքի եւ խորիմացութեան, խելացութեան եւ ազնուութեան միատեղ գոյութիւնը անոր յատկանիշներէն մէկն է: Սթայնըր ծնած է Փարիզ, 1929-ին: Զաւակն է վիեննացի եւ չեխ ամոլի մը, որ նախատեսած էր նացիական զարհուրելի ժամանակները: Տարբեր գիտութիւններու եւ լեզուներու տիրապետելու կարողութեամբ օժտուած ապագայի մասնագէտը կանուխ տարիքէն իր հօր քաջալերանքով մղուած էր վերծանելու Հոմերոս եւ Կիկերոն: Հայրը երաժշտութեան եւ արուեստներու սիրահար հրեայ մտաւորական մըն էր, որ կը միտէր իր զաւկին մէջ արթնցնել «ներքին դասախօսը» (այլ խօսքով` ճշմարիտ «րապուն»):

Ընտանիքը 1940-ին Ժընեւէն վերջին նաւը առած էր դէպի Նիւ Եորք: Շիքակոյի եւ ապա Օքսֆորտի մէջ ուսանելէ ետք Սթայնըր փոխադրուած էր Լոնտոն` միանալու համար «Տի Էքոնոմիսթ» թերթին խմբագրական կազմին: Այնուհետեւ դարձեալ կտրած էր Ատլանտեանը` հարցազրոյց մը կատարելու համար հիւլէական ռումբը յայտնագործած գիտնական Օփընհայմըրի հետ, որ իրեն թելադրած էր վերադառնալ եւ աշխատիլ Փրինսթընի համալսարանին Յառաջադէմ գիտութեան հիմնարկին մէջ:

Ասիկա անկիւնադարձ մըն էր Սթայնըրի կեանքին մէջ: Մինչ ան կը հրատարակէր «Թոլսթոյ օր Տոսթոյեւսքի»-ի եւ «Լենկուեճ էնտ սայընս»-ի նման յատկանշական բնաբաններով իրերայաջորդ գիրքեր, որոնք յաճախ հիմնուած էին իր դասախօսութիւններուն վրայ, անդին` ան հիմնադիր անդամներէն էր Քէյմպրիճի Չըրչըլ քոլեճին եւ իբրեւ գրաքննադատ կ՛աշխատակցէր «Նիւ Եորքըր» թերթին: Աւելի ուշ Սթայնըր ընդունած է պաշտօն մը Ժընեւի համալսարանին մէջ: Ան հռչակաւոր է իբրեւ եւրոպացի առաջատար մարդասէր մը, որուն մտածումները շրջած են աշխարհի տարածքին:

Եւրոպա կը գտնուի լուրջ տագնապի մը սեմին: Կը կարծէ՞ք, թէ անիկա կրնայ քայքայուիլ:

Նկատի ունենալով Եւրոպայի ներկայ վիճակը, այս մէկը հաւանական է: Սակայն պիտի գոյատեւենք այս կամ այն ձեւով: Հեգնականը այն է, թէ Գերմանիա դարձեալ կրնայ դառնալ տիրական ուժը: Պահ մը քայլ մը ետ երթանք: 1914-ի օգոստոսէն 1945-ի մայիս Եւրոպան, որ կը տարածուէր Մատրիտէն Մոսկուա եւ Քոփենհակընէն Փալերմօ, շուրջ 80 միլիոն հոգի կորսնցուց պատերազմներու, տեղահանութիւններու, սպանդանոցներու, սովի եւ ռմբակոծումներու պատճառով: Հրաշք է այն իրողութիւնը, թէ անիկա շարունակած է գոյատեւել: Սակայն անոր յարութիւնը միայն մասնակի էր:

Այսօր Եւրոպան կը դիմագրաւէ շատ ցնցիչ տագնապ մը: Անիկա կը գտնուի սերունդ մը զոհաբերելու ճամբուն վրայ. երիտասարդներու սերունդ մը, որ հաւատք չունի ապագայի նկատմամբ: Երբ տարիքով աւելի փոքր էի, մարդիկ զանազան յոյսեր ունէին. համայնավարութիւն եւ զայն իրագործելու ձեւերու փնտռտուք, ֆաշականութիւն, որ չսխալինք եւ ընդունինք, թէ յոյս մըն էր: Հրեաները նաեւ ունէին սիոնականութիւնը: Կային բազմաթիւ յոյսեր, իսկ այժմ չունինք անոնցմէ որեւէ մէկը: Իսկ երբ երիտասարդութեանդ չես ներշնչուիր յոյսերով, նոյնիսկ` խաբուսիկ յոյսերով, ապա ի՞նչ կը մնայ. ոչի՛նչ:

Ընկերվարութեան բերած փրկութեան երազը մեզի տուաւ տաժանակիր աշխատանքի աքսորավայրերը եւ Ֆրանսուա Հոլանտը. անոր անունին կ՛ակնարկեմ իբրեւ խորհրդանիշ մը` առանց որեւէ անձնական քննադատութեան միտումի: Ֆաշականութիւնը վերածուեցաւ սարսափի: Իսրայէլի պետութեան գոյատեւումը կենսական է, սակայն ազգայնականութիւնը ողբերգութիւն մըն է, խորապէս կը հակասէ հրէական ոգիին, որ աշխարհաքաղաքացի է: Ինչ կը վերաբերի ինծի, կը փափաքիմ ըլլալ թափառական մը: Կեանքիս ներշնչման աղբիւրը 18-րդ դարու մեծ րապու Պաալ Շեմ Թովն է, որ ըսած է. «Ճշմարտութիւնը միշտ ալ աքսորի մէջ է»:

Համաշխարհայնացումը նպաստա՞ծ է այս թափառող ոգիին:

Երբեւիցէ չենք ունեցած այսքան մեծ թիւով աշխարհագրական պատուարներ: Անցեալին, երբ դուրս կու գայիր Անգլիայէն, կրնայիր ապրիլ Աւստրալիոյ, Հնդկաստանի կամ Քանատայի մէջ: Սակայն այսօր այլեւս աշխատելու արտօնութիւն չունիս այս երկիրներուն մէջ: Երկրագունդը հետզհետէ կը վերածուի փակ վայրի մը: Ամէն գիշեր հազարաւոր անձեր կը փորձեն Եւրոպա թափանցել Մարոքէն: Երկրագունդը շարժման մէջ է, սակայն ո՞ւր կ՛երթայ: Մտածեցէ՛ք այսօրուան գաղթականներուն ահաւոր ճակատագիրին մասին: Երբ ինծի պատիւը շնորհուեցաւ խօսք մը արտասանելու Գերմանիոյ պետութեան դիմաց, զայն աւարտեցի հետեւեալ բառերով. «Տիկնայք եւ պարոնայք, այժմ բոլոր աստղերը կը դեղնին»:

Հակառակ ամէն ինչի, դուք ձեզ տակաւին եւրոպացի կը զգա՞ք:

Եւրոպան կը մնայ ջարդին եւ անհասկնալի իրադարձութեան թատերաբեմը, սակայն նաեւ թատերաբեմը` մշակոյթներու, զորս կը սիրեմ: Ամէն ինչ կը պարտիմ Եւրոպայի եւ կը փափաքիմ գտնուիլ հոն` իմ մեռելներուս կողքին: Կ՛ուզեմ մօտ մնալ Շոահի (Հրէական ողջակիզում. «Ա.»), գտնուիլ վայրի մը մէջ, ուր կրնամ խօսիլ իմ չորս լեզուներս: Անոնք իմ փախուստս են, մեծագոյն հաճոյքս եւ հրճուանքս: Սորված եմ իտալերէն, տիրապետելէ ետք անգլերէնին, ֆրանսերէնին եւ գերմաներէնին, մանկութեանս երեք լեզուներուն: Մայրս նախադասութիւն մը կը սկսէր մէկ լեզուով եւ առանց անդրադառնալու զայն կը վերջացնէր այլ լեզուով մը:

Մայրենի լեզու չունէի, ինչ որ, ի տարբերութիւն աւանդական իմաստութեան, արտասովոր բան մը չէ: Շուէտի մէջ կը խօսին ֆինլանտերէն եւ շուէտերէն: Մալեզիոյ մէջ կը խօսին երեք լեզուներ: Մայրենի լեզուի մը գաղափարը շատ վիպերգական է եւ` ազգայնական: Բազմալեզու ըլլալու շնորհիւ` յաջողեցայ դասախօս դառնալ եւ գրել «Էֆթըր Պէյպըլ. ասփեքթց աֆ լենկուեճ էնտ թրանսլէյշըն» (Բաբելոնէն ետք. լեզուի եւ թարգմանութեան երեւոյթներ) գիրքը, եւ քաղաքացի զգալ ամէն տեղ: Իւրաքանչիւր լեզու պատուհան մըն է` աշխարհին վրայ բացուած: Ասիկա կը հակասէ արմատներուն կառչելու այն մռայլ տրամաբանութեան, զորս կը ջատագովեն Մորիս Պարէի նման անձեր: Ծառերը արմատներ ունին, ես ունիմ ոտքեր: Եւ հաւատացէք, որ ասիկա մեծ առաւելութիւն մըն է:

Գրականութեան եւ փիլիսոփայութեան գործակցութիւնը կը շարունակուի՞ մինչեւ այսօր:

Կը կարծեմ, թէ այս երկուքը վտանգներ կը դիմագրաւեն այսօր: Գրականութիւնը ընտրած է անձնական յարաբերութիւններու նեղ շրջագիծը եւ այլեւս չ՛արծարծեր բնազանցական մեծ բնաբաններ: Այլեւս չունինք Պալզաքի եւ Զոլայի նման գրագէտներ. մարդկային կատակերգութեան հանճարներ, որոնք կրնային հետազօտել իւրաքանչիւր բնագաւառ: Փրուսթ նաեւ ստեղծած էր անսպառ աշխարհ մը, իսկ Ճոյսի «Եուլիսըս»-ը մինչեւ այսօր շատ մօտ է Հոմերոսի… Ճոյս կը կամրջէ դասականութեան եւ քաոսի երկու մեծ աշխարհները: Անցեալին փիլիսոփայութիւնը կրնար հաստատել նաեւ իր տիեզերական բնոյթը: Ամբողջ աշխարհը բաց էր Սփինոզայի նման փիլիսոփայի մը դիմաց: Այսօր աշխարհի հսկայական մէկ մասը փակ է մեր դիմաց:

Մեր աշխարհը կը փոքրանայ: Գիտութիւնը անհասանելի կը դառնայ մեզի: Ո՞վ կրնայ հասկնալ ծինաբանութեան, աստղագիտական բնագիտութեան եւ կենսաբանութեան մէջ կատարուած նորագոյն յայտնաբերումները: Ո՞վ անոնց կրնայ խօսիլ սրբապղծութեան մասին: Գիտելիքը այլեւս չի փոխանցուիր: Մերօրեայ գրագէտներն ու փիլիսոփաները կարողութիւնը չունին օգնելու մեզի, որ հասկնանք գիտութիւնը: Միաժամանակ` գիտութեան ծիրը ապշեցուցիչ է: Սակայն ինչպէ՞ս կրնանք խօսիլ մարդկային գիտակցութեան մասին, երբ կ՛անտեսենք այն, ինչ որ բացայայտ կերպով յանդուգն է եւ երեւակայութեամբ լեցուն: Զիս կը մտահոգէ այն, թէ ի՛նչ կը նշանակէ գրաճանաչ ըլլալ այսօր: Կարելի՞ է գրաճանաչ ըլլալ, երբ չենք հասկնար պատճառահետեւանքային անհաւասարութիւնները (նան լինիըր իքուէյժընզ):

Մշակոյթը կը գտնուի գաւառային դառնալու վտանգին դիմաց: Թերեւս պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք մշակոյթի մեր ամբողջ հասկացողութիւնը: Կ՛ուզեմ ձեզի հետ բաժնել փորձառութիւն մը, որ ինծի համար անսահմանօրէն յուզիչ էր: Գիշեր մը կ՛ընթրէի Քէյմպրիճի իմ պաշտօնակիցներէս մէկուն հետ. գրաւիչ մարդ մը, որ նաեւ Նոպելեան մրցանակակիր էր, եւ ան դիմեց օգնութեանս` վերծանելու համար Լաքանի (ֆրանսացի հոգեվերլուծաբան. «Ա.») մէկ գրութիւնը, զոր կարդալով` անճրկած էր: Ինծի համար խորապէս յուզիչ էր տեսնել մեծ գիտնական մը, որ կրնար այսքա՛ն համեստանալ` մանուածապատ բաներու բարդութեան տիրապետած վարպետի մը հպարտութեան եւ յոխորտանքին դիմաց:

Ըսած էք, թէ արհեստագիտական նորութիւնները կը վտանգեն այն «լռութիւնն» ու «մտերմութիւնը», որոնք անհրաժեշտ են` մեծ գործերու ծանօթանալու…

Այո, լռութեան յատկանիշը ներհուն կապ մը ունի լեզուական յատկանիշին հետ: Դուն եւ ես նստած ենք այստեղ, պարտէզի մը շրջապատին մէջ, ուր ոչ մէկ ձայն կայ, բացի մեր զրոյցէն: Այստեղ կրնամ աշխատիլ: Այստեղ կրնամ երազել եւ մտածել: Լռութիւնը դարձած է մեծ շռայլութիւն մը: Մարդիկ կ՛ապրին տեւական աղմուկի մէջ: Քաղաքներուն մէջ այլեւս գիշեր չկայ: Երիտասարդները կը վախնան լռութենէն: Ի՞նչ պիտի ըլլայ լուրջ եւ տքնաջան ընթերցանութեան ապագան: Կարելի՞ է Պղատոն կարդալ, երբ երիտասարդներ իրենց ականջներուն անցուցած են ուոքմենը: Ասիկա շատ մտահոգիչ է ինծի համար:

Արհեստագիտական նորութիւններ այլափոխած են գիրքերու հետ մեր երկխօսութիւնը: Անոնք սկսած են խտացնել գիրքերը, պարզացնել եւ համացանցի վրայ զետեղել: Մեր ուղեղը եւս «կապուած» է ցանցի մը: Այլեւս չենք կարդար այնպէս, ինչպէս անցեալին: Հերի Փոթըրի երեւոյթը բացառութիւն է: Աշխարհի բոլոր մանուկները, էսքիմոներէն մինչեւ զուլուները, տեւաբար կը կարդան եւ դարձեալ կը կարդան գերանգլիական այս պատմութիւնները, որոնք հարուստ են բառապաշարով եւ բարձրորակ շարահիւսութեամբ: Ասիկա հրաշալի է:

Գիրքերը անձնական կեանքի մեծ պատնէշներ են: Անգլիան տակաւին խորապէս կը յարգէ անձնական կեանքի ազատութիւնը. յատկանիշ մը, որ միաժամանակ ունի իր անհեթեթ կողմը: Դրացիներ կրնան քով-քովի ապրիլ աւելի քան 50 տարի` առանց որեւէ բառ փոխանակելու: Անձնական կեանքի ազատութեան պաշտամունքը քաղաքական մեծ արժէք ունի, որովհետեւ նաեւ դիմադրութեան մեծ ուժ մըն է:

Դուք ձեզ ստեղծագործ չէ՞ք համարեր:

Ո՛չ, եւ պէտք չէ շփոթել այս դերերը: Քննադատներ, մեկնաբաններ, մասնագէտներ, նոյնիսկ ամէնէն օժտուածները տակաւին լոյսի տարիներ հեռու են ստեղծագործ ըլլալէ: Մենք ամբողջութեամբ չենք հասկնար ստեղծագործութեան աղբիւրները: Օրինակ, երեւակայեցէք հետեւեալ տեսարանը Պեռնի մէջ. խումբ մը մանուկներ իրենց ուսուցիչին հետ դաշտագնացութեան կ՛երթան: Ուսուցիչը զանոնք կը նստեցնէ կամարակապ կամուրջի մը դիմաց եւ կը թելադրէ գծել զայն, ապա կը հետեւի մանուկներուն աշխատանքին: Յանկարծ ան կանգ կ՛առնէ մանուկի մը ետին, որ մոյկեր գծած է կամուրջին սիւներուն վրայ:

Այնուհետեւ աշխարհի բոլոր կամուրջներուն սիւները կը սկսին տողանցել: Մանուկը կը կոչուէր Փոլ Քլի: Ստեղծագործութեան ընթացքին կը փոխուի ամէն ինչ, որուն մասին կը խորհրդածէ անձ մը: Ստեղծագործը միայն քանի մը գիծերով մեզի ցոյց կու տայ այն, ինչ որ արդէն գոյութիւն ունի: Սակայն ի՞նչ է ստեղծագործութիւնը խթանող գաղտնիքը: Գրեցի «Կրեմըրզ աֆ քրիէյշըն» (ստեղծագործութեան քերականութիւնը) գիրքը` հասկնալու համար այս գաղտնիքը: Սակայն կեանքիս վերջաւորութեան տակաւին չեմ հասկցած զայն:

Սակայն ստեղծագործելու արարքը հասկնալը արդեօք չի՞ նշանակեր զանց առնել ստեղծագործելու արուեստը:

Ձեւով մը ուրախ եմ, որ չեմ հասկնար ստեղծագործական արարքը: Երեւակայեցէք աշխարհ մը, ուր ջղաբանական քիմիագիտութիւնը կարենար բացատրել Մոցարթի երաժշտութիւնը… Ասիկա անկարելի բան մը չէ, եւ կը վախցնէ զիս: Մեքենաները արդէն փոխյարաբերութեան մէջ են մեր ուղեղին հետ. համակարգիչներն ու մարդկութիւնը արդէն կը գործակցին: Կրնայ հասնիլ օր մը, երբ պատմաբաններ պիտի անդրադառնան, թէ 20-րդ դարու ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւնը ո՛չ թէ պատերազմն էր կամ դրամական կործանումը, այլ` այն երեկոն, երբ Գասպարով պարտուեցաւ մետաղի փոքր տուփէն:

Եւ ի մտի ունեցէք Գասպարովի հետեւեալ խօսքը. «Կը կարծէի, թէ մեքենան չէր հաշուեր»: Ականատես դառնալէ ետք այս իրադարձութեան, դիմեցի Քէյմպրիճի մէջ գիտութեան երկրպագու իմ պաշտօնակիցներուս կարծիքին: Անոնք ըսին, որ թերեւս մտածելը ինքնին հաշուել կը նշանակէր: Այս պատասխանը կը վախցնէ: Արդեօք մետաղէ փոքր տուփը օր մը պիտի սկսի երաժշտութի՞ւն յօրինել:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES