ՄԱՐԱՇԻ ԱՂԷՏԻ 92-ԱՄԵԱԿ. ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵԾ-ՄԵԾ ՀՕՐՍ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆՑ

ՆՈՐԱ ԼԵՍՍԸՐՍՈՆ

Յառաջացած տարիքի մը՝ 80 տարեկանին, մեծ-մեծ հայրս՝ Ճոն/Յովհաննէս Չիրիշեան, գրի առած է կեանքի իր յուշերը: Իր պատումը լի է մարդկային մեծ կորուստով մը: Քանի մը աղէտալի տարիներու ընթացքին, 1915-էն 1920, ան ականատեսն է իր եղբայրներուն, իր առաջին ու սիրելի կնոջ, ինչպէս նաեւ համակ կեանքի մը կորուստին: Բայց յետպատերազմեան ժամանակաշրջանին տեղի կ՛ունենայ նաեւ ընտանիքին պատկանող հազարամեայ փայտեայ արկղին քանդումը, որ խոր վիշտ կը պատճառէ Ճոնին ու անոր յուշերը կարդացողին: Արկղը լեցուն էր ընտանիքին վերաբերող դարաւոր թուղթերով, յուշերով ու իրերով: «Մեր ընտանիքին յիշողութեան արխիւը», կը գրէ ան: «Հազարամեայ հնութիւն մըն էր եւ ազգային կարեւոր գանձ մը, որ ինծի յանձնուած էր իբրեւ ընտանիքին անդրանիկ զաւակը. անիկա անհետ կորաւ [յունուար 1920-ին, Մարաշի աղէտին ժամանակ]»: Ան հանդիսաւորապէս կ՛եզրակացնէ. «Մինչեւ կեանքիս վերջը պիտի ափսոսամ»:

Մեծ-մեծ հօրս մօտ տիրող կորուստի այս զգացումը թէ՛ ողբերգական է եւ թէ՛ խորիմաստ: Իր տեղահանութենէն ի վեր ան գիտակից կը թուի ըլլալ, թէ իր ժողովուրդը՛ հայերը, ոչ միայն հայրենի բնաշխարհ մը եւ սիրելիներ կորսնցուցած են, բայց նաեւ անոնցմէ դաժանօրէն խլուած է նաեւ սեփական պատմութիւն մը: Իր յուշերուն եւ ձայնագրութիւններուն ճամբով ան կը փորձէ վերականգնել ինչ որ կրնայ «նախնիներու կորուսեալ ժառանգութենէն»: Բայց եւ այնպէս, նոյնիսկ իր դուստրը՝ մեծ հօրաքոյրս, կը գանգատի, որ ան բաւարար չափով չէ պատմած: «Իր յուշերուն մէջ շատ բան չկայ ընտանեկան կեանքի մասին», կ՛ըսէ ան: «Պէտք էր յուշերը երկու հատոր ըլլային»:

Խորքին մէջ Ճոն չէր կրնար առանձին վերապատմել ընտանեկան հազարամեայ պատմութիւն մը՝ մարաշցիական բնաշխարհի բոլոր դրուագները: «Հայր, մայր, բժիշկ եւ քահանայ», Ճոն Չիրիշեան կը փորձէր բոլորն ալ յիշել: Բայց այս աշխատանքը պարզ է, որ ան առանձին գլուխ չէր կրնար հանել:

Իրերու բարեբախտ դասաւորումով մը իր սկսած գործը այժմ ես ինքս ստանձնած եմ (շատ մը այլոց օգնութեամբ):

Մեծ-մեծ հայրս նշանաւոր մարդ մըն էր: Ծնած Մարաշ, 1886-ին, ան անդրանիկն էր ինը զաւակներու շարքին՝ երեւելի ընտանիքի մը մէջ: Մայրը միայն 16 տարեկան էր, երբ Յովհաննէս/Ճոն կը ծնի: Ան կը փափաքէր, որ զաւակը դառնայ քահանայ: Երբ 13 տարեկան կ՛ըլլայ, ան արդէն ծայրէ ծայր կարդացած էր Ս. Գիրքը:

Հաւատացեալ քրիստոնեայ մըն էր Ճոն, որ հետագային կը դառնայ կօշկակար՝ իր մեծ հօր նման: Մարաշի մէջ յաջողութեամբ կը բանէր կօշկակարութեան արհեստը: Երիտասարդ հասակին կը զինուորագրուի օսմանեան բանակին մէջ եւ 1910-1914 պատուով կը ծառայէ օսմանեան հայրենիքին՝ Ատանայի եւ Մերսինի մէջ: Իր ընկերասիրութիւնը, ուշիմութիւնը, թրքերէնի գիտութիւնն ու թուրք հրամանատարներու հետ սերտ յարաբերութիւնները («քեզ կը սիրեմ տղաս», անոնք իրեն կ՛ըսէին) պատճառ կ՛ըլլան, որ աստիճանի բարձրացումներ ունենայ եւ դառնայ դասակապետ, սնունդի յանձնակատար, գլխաւոր հաշուապահ, յիսնապետ: Մեծ-մեծ հօրս յուշերուն կարեւոր մէկ մասը յատկացուած է կեանքի այս հանգրուանին:

1915-ին, օսմանեան բանակին մէջ իր զինուորագրութիւնը լրանալէն մէկ տարի ետք, Ճոնն ու իր ընտանիքը կը տարագրուին Սուրիա: Մեծ-մեծ հայրս քիչ բան կը գրէ գաղթականական թրանզիթ կայքին մասին, որուն մէջ գտնուած են (կը նախընտրէ տառապանքին վրայ շատ չկեդրոնանալ): Այնուհետեւ անոնք կը տեղափոխուին Համա եւ Մուհրատա (Համայի հիւսիս-արեւմուտքը): Այս վայրերուն մասին ան իր յուշերուն մէջ աւելի զգացական է ու առատօրէն կը գրէ այստեղ՝ իր ու իր ընտանիքին տարագիրի կեանքին մասին: Սուրիոյ մէջ անցուցած տեղահանութեան այս տարիներուն ընթացքին, Ճոնը յաջողութեամբ կը վերսկսի կօշկակարի իր արհեստը, ընկերական նոր ու հարուստ կապեր կը հաստատէ եւ հոս է նաեւ, որ կը հանդիպի իր ապագայ կնոջ, որ մարաշցի հայրենակից մըն էր եւ գրեթէ բառացիօրէն՝ իր երազներու աղջիկը: 1919-ին ընտանեօք կը վերադառնան Մարաշ, ուր կ՛ամուսնանայ իր սիրեցեալին հետ:

Ուրախ, բայց տխուր վախճանով ամուսնութիւն մըն էր: Ճոնն ու իր ընտանիքը մաս կը կազմէին այն հազարաւոր հայերուն, որոնք կը հետեւին ֆրանսական զօրքերուն, երբ այս վերջինները կը լքեն Մարաշը եւ կը նահանջեն դէպի Իսլահիէ` փետրուար 1920-ին: Ցուրտին ու բուքին կատարուած այս անողոք ճամբորդութեան ընթացքին է, որ կը մահանան իր յղի կինն ու եղբայրը: Կորուստը մեծ էր, բայց ինք կը վերապրի, կը հասնի Իսլահիէ, ուր Ամերիկեան կարմիր խաչէն կը ստանայ անկողինի ծածկոց մը: «Զայն պահեցի իբրեւ յիշատակ», կը գրէ ան:

Մեծ-մեծ հօրս վկայագրութեան առանցքը մեծ ու կարեւոր թուականներն են: Առօրեայ կեանքը շատ տեղ չունի այստեղ: Պատերազմ, տարագրութիւն Բայց եւ այնպէս, իր յուշերուն ընդմէջէն Ճոն անգիտակցաբար պատառիկներ կը ներկայացնէ Մարաշի մէջ օսմանեան հայերու մշակութային կեանքին մասին: Այնպիսի մանրամասնութիւններ, զորս իր դուստրը կը փափաքէր, որ աւելի առատ ըլլային:

«Միհրանէն իմացայ, թէ Մարաշի հայերը՝ հարուստ կամ աղքատ, հում քէօֆթէ (չիքէօֆթէ) կ՛ուտեն շաբաթ իրիկունները», արաբ քրիստոնեայ մը կը յայտնէ մեծ-մեծ հօրս, որ կը փորձէր համոզել սոյն անձը իրենց ընթրիքի հիւրը ըլլալու:

«Կը սիրեմ Քոմմանտարիա մակնիշի գինին»:

«Հայրս` արհեստով սափրիչ, կ՛աշխատէր շաբաթ օրերը մինչեւ ուշ գիշեր»:

«Հետեւաբար, խանութս գոցեցի կէսօրէն առաջ, եւ նկատի ունենալով, որ ընտանիքս արձակուրդ կ՛ընէր այգիին մէջ, ես ալ ուղղուեցայ այնտեղ»:

Բայց եւ այնպէս, հակառակ ներկայացուցած այլազան մանրամասնութիւններուն, Ճոն զանց կ՛առնէ ամբողջ պատմութիւններ: «Զանց կ՛առնեմ այս դրուագը պատմելէ», յաճախ կը գրէ ան, «նկատի ունենալով, որ անիկա շատ երկար է» կամ՝ «հակաճառութիւններու առիթ չտալու համար»: Աւելի վատը՛ «Մարաշցի հայրենակիցներուս ցուցաբերած հետաքրքրութեան պակասը յուսախաբ ըրաւ զիս, որոշեցի հարցը մոռնալ»:

Մեծ-մեծ հայրս Կարմիր խաչի անկողինի ծածկոցը իբրեւ յիշատակ պահող մէկը եղած է: Ան շարունակաբար իր հեռադիտակը կը գործածէր, որպէսզի կարենար տեսնել, թէ ի՛նչ կը կատարուի շուրջը: Ան մինչեւ վերջ ալ ափսոսած է ընտանեկան արխիւներուն կորուստին համար: Պահպանելու, պաշտպանելու եւ հասկնալու անոր տենչը շատ նման է ինծի: Եւ սակայն ան, նոյնիսկ ես ինքս՝ նոյն այս գրութեան մէջ, ստիպուած է զանց առնել կարգ մը իրականութիւններ՝ ուրիշներու հաղորդակից ըլլալու ի խնդիր, պէտք է զանազանել խմբագրական միջամտութիւնը ընդհանրապէս կորուստէն: Ի հարկէ, մէկու մը պատմութիւնը ներկայացնելու համար  անհրաժեշտ է նախ զայն վերակառուցել:

Բայց ի վերջոյ այս է կեանքը: Մենք ենք մեր պատմութիւնը: Մինչ ես կը սիրեմ մեծ-մեծ հայրս, անոր հետ միասին կը ցաւիմ հազարամեայ արկղին ու անոր կապուած հազարամեայ պատմութեան կորուստով: Նոյն ժամանակ սրտապնդիչ կը գտնեմ իր կեանքը պատմելու թափած ճիգերը, ուրախ եմ, որ իրմէ ժառանգած եմ, մասամբ, զօրաւոր յատկանիշներ: Այս բոլորը անցեալի պատմութեան վրայ ակնարկ մը ըլլալու զուգահեռ՝ նաեւ հայեացք մըն են իմ անձիս վրայ՝ այսօր. նստած եմ գետինը, կը գրեմ ընտանեկան պատմութիւն մը, ամէն գնով կը փորձեմ վերագտնել նոյնիսկ պատառիկ մը՛ կորուսեալ անցեալէ մը:

Իսլահիէէն ետք Ճոն կը մեկնի Զմիւռնիա, իսկ այնտեղէն ալ՛ Նիւ Եորք: Ան կը վերամուսնանայ «որպէսզի կարելի ըլլայ վերականգնել նախնիներու քանդուած բոյնը»: Նոր կինը՝ մեծ-մեծ մայրս, իր առաջին կնոջ զարմուհին էր: Միասին կ՛ունենան երեք զաւակներ՝ մեծ հօրաքոյրներս եւ մեծ հայրս: Ընտանիքը կ՛ապրի Պրուքլինի մէջ (Նիւ Եորք), ուր Ճոն դարձեալ կօշկակար է, այս անգամ՛ նոր, ամերիկեան ոճի: Հակառակ այս «երկրորդ հայրենիքին մէջ» Մարաշի ոգին վերապրեցնելու իր ճիգերուն՝ Ամերիկան միշտ ալ իրեն համար պիտի ըլլար «ամանսըզ» տեղ մը, երկիր մը` առանց գութի ու ողորմածութեան:

Ճոն Չիրիշեան կը մահանայ 18 սեպտեմբեր 1967-ին, 81 տարեկան հասակին: Իր յուշերուն գրութիւնը աւարտած էր մահէն միայն մէկ տարի առաջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES