«ԻՐԱՆ ԻՐ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԵՐԲԵՔ ՀՈՐՄՈՒԶԻ ՆԵՂՈՒՑԸ ՓԱԿԵԼ ՉԷ ՓՈՐՁԱԾ» Կ՛ԸՍԷ ՍԱԼԵՀԻ

Ալի Աքպար Սալեհի

ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս ֆոկ Ռասմուսեն յայտարարեց, որ Իրանի դէմ զինուորական որեւէ գործողութիւն չի ծրագրուիր:

«Շատ կարեւոր է, որ Հորմուզի նեղուցին ճամբով ուժանիւթի մատակարարումը շարունակուի: Իրանի իշխանութիւնները պարտաւոր են գործել իբրեւ միջազգային ընտանիքի անդամ` միջազգային համաձայնութիւններուն համապատասխան: Սակայն ես կ՛ընդգծեմ, որ ՕԹԱՆ որեւէ միջնորդութիւն չի ծրագրեր», ըսաւ Ռասմուսեն:

Իրանեան լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Թեհրանին կոչ ուղղած է Հորմուզի նեղուցի փակման հարցով բանակցելու: Ան Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Խամենէիին գաղտնի հաղորդագրութիւն ուղարկած է:

Սպիտակ տունը այս տեղեկութիւնը տակաւին չէ հաստատած:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Իրան իր պատմութեան ընթացքին երբեք Հորմուզի նեղուցը փակել չէ փորձած: «Իրան իր պատմութեան ընթացքին երբեք այս ծովային կարեւոր ճամբուն առջեւ արգելքներ դնել չէ փորձած», ըսաւ ան:

«Մենք խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն կ՛ուզենք, սակայն շրջանի որոշ երկիրներ կ՛ուզեն այլ երկիրները հեռացնել 12 հազար մղոնով», յայտնեց Սալեհի` աւելցնելով, որ «ես բոլոր երկիրներուն կը դիմեմ, կը խնդրեմ, թոյլ մի՛ տաք, որ ձեր երկիրները ներգրաւուին վտանգաւոր իրավիճակի մէջ»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նաեւ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ պէտք է առանց որեւէ նախապայմաններու Թեհրանի հետ բանակցելու իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեն:

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա չորեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ «առայժմ Իրանի դէմ որոշ քայլեր չեն ճշդուած® իսկ մեր ուժերը զայն դիմակայելու կատարելապէս պատրաստ են»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նուլընտ երէկ յայտարարեց, որ աշխարհի տարածքին Իրանի դէմ պատժամիջոցներու հաստատումը քաջալերող Ուաշինկթընի արշաւը «իր պտուղները կու տայ»: «Մենք կը տեսնենք, որ Իրան սկսաւ քարիւղէն իր ապահոված շահերուն մակարդակին վրայ ժխտական ազդեցութիւնները զգալ, եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքը պիտի շարունակենք»:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարի  արտաքին քաղաքականութեան եւ միջազգային ապահովութեան հարցերով տեղակալ Ալի Պաքրի ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Իրան «5+1»-ի հետ բանակցութիւնները շարունակելու վերաբերեալ ռուսական առաջարկները պիտի սերտէ, ապա ռուսական կողմին հետ անոնց քննարկումը պիտի շարունակէ:

Պաքրի յայտնեց, որ «այսօր տեղի ունեցան քննարկումներ, որոնց ընթացքին արծարծուեցան տարբեր մարզերու մէջ Ռուսիոյ հետ գործակցութեան, ներառեալ` շրջանային կամ երկկողմանի մակարդակի գործակցութեան հարցերը, ինչպէս նաեւ իրանեան հիւլէական թղթածրարի հարցը»:

 

Share this Article
CATEGORIES