ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՄԷՋ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԴԵՍՊԱՆԸ ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴՈՎ ԿԸ ՀԵՌԱՆԱՅ ԳԱՀԻՐԷԷՆ

Եգիպտոսի մէջ Իսրայէլի դեսպան Եաքոպ Ամիթայ երէկ, դեկտեմբերին իր պաշտօնը ստանձնելու ժամանակ որոշուածին համաձայն, Գահիրէէն մեկնեցաւ Թել Աւիւ` իր շաբաթական արձակուրդը ըմբոշխնելու համար:

Գահիրէի օդակայանին մէջ լաւատեղեակ աղբիւրներ յայտնեցին, որ դեսպանը «Էր Սինա» օդանաւային ընկերութեան մէկ օդանաւով եւ դեսպանատան անձնակազմէն ութ անձերու հետ Թել Աւիւ մեկնած է:

Ըստ աղբիւրներու, Իսրայէլի դեսպանը որոշած է իր արձակուրդը նաեւ մէկ շաբաթ եւս երկարաձգել` զգուշանալով Եգիպտոսի մէջ 25 յունուարի յեղափոխութեան առաջին տարեդարձի տօնակատարութեանց ընթացքին արձանագրուելիք ժխտական զարգացումներէն, մանաւանդ որ այդ ծիրին մէջ կարգ մը կառոյցներու եւ կեդրոններու դէմ յարձակումներու ծրագիրի մասին շշուկներ կը շրջին:

Share this Article
CATEGORIES