ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Ուաթքինզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Քահուաժի ընդունեց երեսփոխան Խալետ Զահրամանը, ինչպէս նաեւ Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամը:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Արիտի յայտնեց, որ աշխատավարձերը սրբագրելու թղթածրարը արդէն իսկ լուծուած պէտք է նկատել:

ԱՏՄԱՅԻ մէջ գտնուող գորգի գործարանի մը մէջ հրդեհ բռնկած է եւ պատճառած նիւթական վնասներ: Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերն ու հրշէջները կրցած են հրդեհը հակակշիռի տակ առնել:

ԲԱՐԳԱՒԱՃՄԱՆ եւ վերաշինութեան ազգային խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր յայտնեց, որ հինգ օր ետք Ժալ էլ Տիպի կամուրջը պիտի սկսին քակել` նկատի ունենալով քաղաքացիներուն դէմ անոր սպառնացած վտանգը: Ան աւելցուց սակայն, որ տակաւին յստակ չէ, թէ այդ կամուրջը քանդելէ ետք ի՛նչ տարբերակի կարելի պիտի ըլլայ դիմել:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը պիտի պահանջեն հարցաքննել նախարարներ Ժըպրան Պասիլն ու Նիքոլա Սահնաուին` անոնց նախարարութիւններուն պարզած վատ կացութեան մասին բացատրութիւն պահանջելու համար:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան նախագահ Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց կառավարութեան հրաժարելու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունէն:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Շարպել Նահհասի մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ նախարարը լրջօրէն կը մտածէ իր պաշտօնէն հրաժարելու մասին:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ Էշրեֆիէի երեսփոխանները ստանձնած են Ֆասսուհի մէջ փուլ եկած շէնքին կից գտնուող հին կառոյցը նորոգել:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ «Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ կառավարութեան մէջ Հըզպալլայի կեցուածքը ներդաշնակ եղած է աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի կեցուածքներուն հետ:

ՇԷՅԽ Աֆիֆ Նապուլսի շեշտեց, որ Դիմադրութեան զէնքը պէտք է միշտ պատրաստ ըլլայ` պաշտպանելու համար Լիբանանը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր շեշտեց, որ խորհրդարանական մեծամասնութիւնը չի կրնար անհամաձայն գտնուիլ կառավարութեան վաւերացուցած յաւելումին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ եթէ Լիբանան առողջ երկիր մը ըլլար, ապա ան Սուրիոյ դեսպանը կը վտարեր:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին հետ իրենց ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեցին, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը կը ծրագրեն 14 փետրուարին տեղի ունենալիք փառատօնի մը, որ տեղի պիտի ունենայ փակ սրահի մը մէջ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի յատուկ միջազգային դատական ատեանի ընդհանուր դատախազ Տանիէլ Պելմար յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի այցելէ Լիբանան, ուր իշխանութեան պետերուն հետ պիտի քննարկէ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով ամբաստանուած չորս յանցագործները ձերբակալելու եւ զանոնք արդարութեան յանձնելու կարելիութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES