ԺՈՄՊԼԱԹ ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԷ ՄԸ

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, որ նախանցեալ օր անակնկալ այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Քաթար, երէկ մայրաքաղաք Տոհայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանը յուզող ընդհանուր հարցերը, յատկապէս` Սուրիոյ իրադարձութիւնները:

Նշենք, որ քաթարեան «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ շարունակուող բռնարարքները ծնունդ պիտի տան նոր բռնարարքներու եւ վայրագութիւններու:

Ժոմպլաթ զգուշացուց Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմի մը բռնկումին հաւանականութենէն եւ կոչ ուղղեց Ռուսիոյ եւ Իրանի` Սուրիան քաղաքացիական պատերազմէ մը փրկելու նախաձեռնութիւն մը առաջադրելու:

Այս ծիրին մէջ Ժոմպլաթ շեշտեց, որ զինք հետաքրքրողը Սուրիան է եւ ոչ թէ սուրիական վարչակարգը:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, Ժոմպլաթ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանը անջատել սուրիական տագնապէն` աւելցնելով, որ լիբանանցիները, յատկապէս` սիւննի եւ շիի համայնքներուն ղեկավարները, փոխըմբռնումի կարիք ունին:

Անդրադառնալով նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած այն յայտարարութեան, որ ինք երկխօսութեան կը մերժէ մասնակցիլ նախքան Հըզպալլայի ապազինումը, Ժոմպլաթ ըսաւ, որ Հարիրիի որդեգրած այս կեցուածքը ոչ մէկ արդիւնքի կրնայ հասցնել:

 

Share this Article
CATEGORIES