ՍԵԼԻՄ ՀԸՍ – ԱԼԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Սուրիա իր դիմագրաւած այս տագնապէն աւելի հզօր դուրս պիտի գայ եւ պիտի շարունակէ ընդդիմանալ իրեն դէմ նիւթուող վտանգաւոր դաւերուն:
Պատասխանելով Սուրիոյ մասին արաբ դէտերուն ներկայացնելիք տեղեկագիրին վերաբերող հարցումի մը` Ալի շեշտեց, որ արաբ դէտերը գետնին վրայ վկայեցին Սուրիոյ դիմագրաւած կացութեան, եւ յստակ է, որ անոնք այդ մասին պիտի տեղեկացնեն ամբողջ աշխարհը: «Իսկ Սուրիոյ մաղթանքն է արդարութիւնը, հաւասարակշռութիւնը, յանդգնութիւնն ու հաւասարութիւնը վերահաստատել», ըսաւ ան:
Սուրիոյ դեսպանը շեշտեց, որ այս դաւադրութիւնը ամերիկեան-սիոնական դաւադրութիւն մըն է, որ կը միտի արաբներուն արժանապատուութիւնը եւ արաբական աշխարհին գերիշխանութեան պաշտպան Սուրիան տկարացնել:

