ՊԸՐՐԻ ՔԱՆԱԱՆԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԵՐԿՐԻՆ ԵԼԵՒՄՏԱԿԱՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ

Երեսփոխան Քանաան եւ խորհրդարանի նախագահը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ  Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ելեւմտական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ելեւմտական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ 2012-ի պետական պիւտճէի նախագիծին վերաբերող հարցեր:

Պըրրիի այցելեց նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր` ընկերակցութեամբ սէյիտ Սատրէտտին Սատըրի, արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու ընդհանուր տնօրէն Հայսամ Ժումաայի եւ արդարութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Հասան Շամիի:

Հանդիպումին ընթացքին Մանսուր եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը խորհրդարանի նախագահին ներկայացուցին Լիպիա իրենց կատարած այցելութեան արդիւնքները եւ իմամ Մուսա Սատըրի ու անոր ընկերակիցներուն անհետացման հետաքննութիւնը շարունակելու իմաստով անոնց ունեցած տեսակցութիւններուն մանրամասնութիւնները:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նախկին նախարար Ժան Օպէյտ, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախկին նախարար Ապտալլա Ֆարհաթ, որ Պըրրիի ներկայացուց Հարիսայի հանդիպումին մթնոլորտը` շեշտելով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին միջեւ տեղի ունենալիք հանդիպումին կարեւորութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES