ՎԱՐՉԱՊԵՏԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՄԻՔԱԹԻ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԶԱՅՆ ԲԱՐԵԼԱՒԵԼՈՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ

Վարչապետ Միքաթի` Քուէյթի ֆոնտի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Տնտեսական բարգաւաճման քուէյթեան ֆոնտին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սնտուկի նախագահ Ապտել Ուահապ Պատըրի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Բարգաւաճումի եւ վերաշինութեան ազգային խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի մէջ քուէյթեան այս ֆոնտին ստանձնած ծրագիրներուն գործադրութեան մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Պատըր իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ նշեց, որ իրենք կեդրոնացած են ելեկտրականութեան մարզին վերաբերող ծրագիրներ ֆինանսաւորելու եւ անոնց նեցուկ կանգնելու ջանքերուն վրայ:

Պատըր նշեց, որ Լիթանիի ծրագիրին կարեւորութեան համազօր է նաեւ Լիբանանի ելեկտրականութեան մարզին բարելաւման անհրաժեշտութիւնը:

Պատըր նաեւ ընդգծեց, որ ելեկտրականութեան մարզին աշխատանքը բարելաւելու առումով Լիբանանի կարիքները քուէյթեան ֆոնտին պիտի ներկայացնէ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին:

Նշենք, որ քուէյթեան ֆոնտին պատասխանատուները Լիբանան ժամանած էին Լիթանիի ծրագիրին գործադրութեան սկսելու առումով համաձայնութիւնը ստորագրելու նպատակով:

Share this Article
CATEGORIES