ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԿՈՉ ՈՒՂՂԵՑ ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼՈՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՆԵՑՈՒԿ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԱՆՈՐ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շեշտեց արաբականութեան վերադառնալու, անոր նեցուկ կանգնելու եւ անոր հիմնական հարցերը պաշտպանելու անհրաժեշտութիւնը:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է բարելաւել Լիբանանի ժողովրդավարութիւնը եւ լաւապէս գործադրել զայն, որովհետեւ ժողովրդավարական վարչակարգն է, որ մինչեւ օրս պահպանած է Լիբանանը, ի տես շրջանային բոլոր իրարանցումներուն եւ քաոսին:
Նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ 2012 տարին ըլլայ կառավարութեան աշխատանքին աշխուժացման տարին:
Նախագահ Սլէյման վերահաստատեց լիբանանեան ներքին երկխօսութեան կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ պետական նշանակումները կատարելու աշխատանքը հունի մէջ պիտի դրուի:
Նախագահ Սլէյման այս յայտարարութիւնները կատարեց երէկ նախագահական պալատին մէջ Խմբագիրներու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը ընդունելու ընթացքին:
Խմբագիրներու սենտիքայի պատուիրակութեան նախագահեց սենտիքայի փոխնախագահ Սայիտս Նասրէտտին:
Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց նաեւ Քուէյթի ֆոնտի ընդհանուր տնօրէն Ապտել Ուահապ Պատըրը, որուն հետ քննարկեց Լիթանիի ծրագիրին վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի զինման եւ անոր կարողութիւններու հզօրացման հեռանկարները:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ Մարոնի միաբանութեան մեծաւոր հայր Թաննուս Նաամէ:


