ՊՈՒՆՏԸՍԼԻԿԱ. ԱՅՍՕՐ` ՊՈՐՈՒՍԻԱ ՄԷՕՆՇԸՆԿԼԱՏՊԱԽ – ՊԱՅԷՐՆ ՄԻՒՆԻԽ
Շուրջ ամիս մը տեւած ձմեռնային արձակուրդէն ետք, այսօր` ուրբաթ, 20 յունուարին կը սկսին Պունտըսլիկայի մրցումները, երբ տեղի կ՛ունենայ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ – Պայէրն Միւնիխ 18-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի ճակատումը:
Նշենք, որ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն, որ այժմ ունի 37 կէտ, երեք կէտով կը գերազանցէ Պորուսիա Տորթմունտը:
Ստորեւ կու տանք 18-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ նշուած են խումբերուն գրաւած դիրքերը).
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Մէօնշընկլատպախ (4) – Պայէրն Միւնիխ (1) 21:30
ՇԱԲԱԹ
Ֆրայպուրկ (18) – Օկզպուրկ (17) 16:30
Հոֆընհայմ (9) – Հանովըր-96 (7) 16:30
Նիւրեմպերկ (15) – Հերթա Պերլին (11) 16:30
Շալքէ (3) – Շթութկարթ (8) 16:30
Վոլֆսպուրկ (12) – Քէօլն (10) 16:30
Քայզըրսլաութըրն (16) – Վերտըր Պրեմըն (5) 19:30
ԿԻՐԱԿԻ
Համպուրկ (13) – Պորուսիա Տորթմունտ (2) 16:30
Պայէր Լեւերքուզըն (6) – Մայնց-05 (14) 18:30

