ՃԱՏՐԱԿ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ` ԱՌԱՋԻՆ ԴԻՐՔԻՆ ՎՐԱՅ
Երէկ տեղի ունեցան Հայաստանի ճատրակի տղոց (72-րդ) եւ աղջկանց (67-րդ) ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումները:
Տիգրան Լ. Պետրոսեան, որ յաղթեց Հրանդ Մելքումեանի, այժմ 5 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը: Անոր նման նոյնքան կէտ ունի նաեւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան, որ յաղթեց Կարէն Գրիգորեանի:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, Աննա Հայրապետեան, որ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մարիա Քուրսովայի հետ, այժմ կը գրաւէ առաջին դիրքը` 6,5 կէտով: Նոյնքան կէտ ունի նաեւ Քուրսովա:
ՎԻՅՔ ԱՆ ԶԻԻ մէջ (Հոլանտա) տեղի ունեցող ճատրակի միջազգային մրցաշարքին 5-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ հայրենի վարպետ Լեւոն Արոնեան 3,5 կէտով կը գրաւէ առաջին դիրքը: Նոյնքան կէտ ունի նաեւ 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն:
CATEGORIES Մարզական

