ՑԱՄԱՔԱՄԱՍԵՐՈՒ ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆԸ
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մեր մոլորակին պատմութեան սկիզբէն ի վեր ցամաքամասերը կը շարժին անոր մակերեսին վրայ: 270 միլիոն տարիներ առաջ անոնք իրարու միացած էին եւ կը կազմէին մէկ հսկայ ցամաքամաս, զոր կը կոչենք Փանժէա:
20 միլիոն տարիներ ետք Փանժէան երկուքի կը բաժնուի: Այս երկու կոյտերուն միջեւ կազմուած ծովը մեր Միջերկրական ծովուն նախահայրն է:
Երկու հսկայ հողակոյտերը կը ճեղքուին, եւ բազմաթիւ պզտիկ ցամաքամասեր կը սփռուին երկրագունդին մակերեսին վրայ:
Ցամաքամասերուն ներկայի ձեւը հաստատուած է 40 միլիոն տարիներ առաջ: Հիւսիսային Ամերիկան եւ Հարաւային Ամերիկան իրարու միացած են: Մեր աշխարհը աւելի տարբեր պիտի ըլլայ քանի մը միլիոն տարիներ ետք:
ՑԱՄԱՔԱՄԱՍԵՐՈՒ ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑՔԸ
– 350 միլիոնէն մինչեւ – 240 միլիոն տարի
Երկու հսկայ ցամաքամասեր կամաց-կամաց բախումի մէջ կը մտնեն եւ կը կազմեն մէկ ցամաքամաս մը` Փանժէան:
– 208 միլիոն տարի առաջ
Ծովը Փանժէան երկուքի կը բաժնէ. հիւսիսը` Լորազին, հարաւը` Կոնտուանան:
– 137 մինչեւ – 65 միլիոն տարի
Այս ժամանակաշրջանին սկիզբը, երկու ցամաքի բաժինները կտոր-կտոր կը բաժնուին: Ներկայի ցամաքամասեր կը սկսին ձեւաւորուիլ:
ԳԻՏԷԻ՞Ր, ԹԷ…
- 1915-ին գերմանացի գիտնական Ալֆրետ Ուէնեկըր կը բացայայտէ, թէ ցամաքամասերը կը շարժին երկրագունդին մակերեսին վրայ:
- Անոնք կը շարժին, որովհետեւ անոնք զետեղուած են ծածկոյթին վրայ (երկրագունդին ներսը գտնուող բաժինը):
- Ծածկոյթին մէջէն կ՛անցնին շատ զօրաւոր հոսանքներ: Այս հոսանքները թաւալող գորգերու նման կը բանին եւ կը շարժին ցամաքամասերը կամ ովկիանոսները շալկող կոյտերը` դէպի տարբեր ուղղութիւններ:
- Այս կոյտերը նոյն կշռոյթով չեն տեղափոխուիր: Սակայն, երբ անոնք շարժին, երկրաշարժեր կամ հրաբուխի ժայթքումներ կրնան յառաջանալ:
ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՑԱՄԱՔԱՄԱՍԻՆ ՎՐԱՅ
Աւստրալիացի գիտնականներ հետախուզած են Հնդկաց ովկիանոսին մէջ մինչեւ հիմա անծանօթ վայրեր: Անոնք իւրայատուկ բաներ գտած են:
Անոնք ջուրէն դուրս հանած են բրածոյ (գետնին մէջ պահուած հետքեր) անասուններու, որոնք ջուրերուն խորքը չէին ապրեր: Ասիկա ինչպէ՞ս կարելի եղած է:
ՀԵՏՔԵՐ
Պարզապէս որովհետեւ այն ժամանակաշրջանին երբ այդ էակները ապրած են, այն վայրերը, ուր անոնք կը գտնուէին, ջուրին տակը չէին: Անոնք կ՛ապրէին Կոնտուանայի մէջ: Կոնտուանան հսկայ ցամաքամաս մըն էր, որ միլիոնաւոր տարիներ առաջ կը համախմբէր հողեր, որոնք այժմ կը գտնուին մոլորակին հարաւային բաժինին մէջ:
Այս բրածոներուն գտնուիլը պիտի օգնէ գիտնականներուն աւելի լաւ հասկնալու, թէ Կոնտուանա հսկայ ցամաքամասը ինչպէ՛ս բաժնուած է:
ԻՍԿ ՀԵՏԱԳԱՅԻ՞Ն
Տակաւին այսօր ցամաքամասերը կը շարունակեն տեղափոխուիլ:
Մենք կրնա՞նք երեւակայել, թէ 50 միլիոն տարիներ ետք Միջերկրական ծովը կրնայ անհետանալ, Հարաւային Ամերիկան պիտի բաժնուի Հիւսիսային Ամերիկայէն, կամ Աւստրալիան միանայ Ինտոնեզիոյ:
Սակայն անշուշտ մենք այլեւս ներկայ պիտի չգտնուինք այս ամէնը ստուգելու համար:
Ո՞ՒՐ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ԱՇԽԱՐՀԻ
ԱՄԷՆԷՆ ԽՈՐՈՒՆԿ ՎԱՅՐԸ
Մեր մոլորակին վրայ ամէնէն խորունկ վայրը Մարիանայի փոսն է, որուն խորութիւնը 11,033 մեթր է: Այս փոսը կը գտնուի Խաղաղական ովկիանոսին մէջ, Մարիանա կղզիներուն մօտ, Ճափոնի հարաւ-արեւելքը:
Այս փոսին խորութեան պատճառը երկրագունդին կեղեւը կազմող կոյտերն են: Երկրագունդին կեղեւը կազմուած է շարժող կոյտերէ, որոնք կը ծփան ծածկոյթին հալած մակմային վրայ:
Երբ մակման կեղեւի ճեղքերէն դուրս կը ժայթքէ, ան իրարմէ կը հեռացնէ կեղեւին կտորները, իսկ ուրիշ շրջաններու մէջ ան կեղեւի կտորներ դէպի իրարու կը քշէ: Մինչ այլ շրջաններու մէջ ովկիանոսին կեղեւը կը հրէ ցամաքին տակի կեղեւը` Մարիանայի նման խորունկ փոսեր յառաջացնելով:
Ո՞Վ ԿՐՆԱՅ ԱՊՐԻԼ ԱՅԴ ԽՈՐՈՒԹԵԱՆ
Մարդիկ չեն կրնար սուզուիլ եւ հասնիլ Մարիանա փոսին խորերը, որովհետեւ անոնք կը ճզմուին ահաւոր ճնշումին պատճառով:
Սակայն ձուկի հարիւրաւոր տեսակներ կ՛ապրին այդ խորութեան մէջ: Հոնկէ բերուած ցեխի կոյտ մը ուսումնասիրուած է գիտնականներուն կողմէ, եւ բացայայտ դարձած է, որ այդ փոքր ծաւալին մէջ մօտաւորապէս 200 տարբեր մանր մարմիններ գոյութիւն ունին:
Սակայն ո՛չ միայն բազմաթիւ անասուններ կ՛ապրին այդ խորունկ ջուրերուն մէջ, այլ անոնցմէ շատեր կ՛ապրին աւելի քան 100 տարիներ:
ՔՈ՞ՅՐ ՄԸ ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԻՆ ՀԱՄԱՐ
Մարտ 2009-ին անջրպետ ղրկուած «Քեփլեր» արբանեակին պաշտօնն է մեր երկրագունդին նմանող մոլորակներ գտնել:
Այս ձեւով, ան գտած է մեզմէ 600 լոյս-տարի հեռաւորութեան վրայ գտնուող մոլորակ մը (1 լոյսի-տարի=9460 միլիառ քմ):
Այս մոլորակին վրայ ջերմաստիճանը հաւանաբար մօտաւորապէս 22 աստիճան է: Ան իր աստղին շուրջ կը դառնայ, ինչպէս երկրագունդը կը դառնայ արեւուն շուրջ, 290 օրէն: Արդեօ՞ք ան պիտի դառնայ մեր ապագայի ծառերուն բնակավայրը…
ՍԱՄՈԱ, ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԸՆԴՄԷՋԷՆ
Սամոա կղզիները կը գտնուին Խաղաղական ովկիանոսին մէջ, ժամանակի գիծին վրայ (մոլորակին երեւակայական գիծ մը` ժամանակը նշելու համար):
Երբ մենք այդ գիծին վրայ գտնուինք, մենք կ՛ըլլանք կա՛մ նախօրեակին, կա՛մ յաջորդ օրը:
Մինչեւ հիմա Սամոա կղզիները կը գտնուէին այս գիծին արեւելքը: Սակայն հիմա ամէն ինչ փոխուեցաւ: Անոնք արեւմուտք անցան:
Այս ժամերու փոփոխութեան նպատակն է դրացի երկիրներուն հետ (Աւստրալիա եւ Նոր Զելանտա) առեւտուրը դիւրացնել: Նախապէս Սամոա կղզիները գրեթէ 24 ժամ ուշ էին Նոր Զելանտայի բաղդատմամբ: Այժմ անոնք մէկ ժամ առաջ են:
Սակայն, այս փոփոխութեան իբրեւ հետեւանք, բնակիչները 29 դեկտեմբերէն ուղղակիօրէն անցան 31 դեկտեմբերին: Ուրբաթ, 30 դեկտեմբերը «ցատկեց»:
Ժամանակին մէջ այս ճամբորդութիւնը ունեցաւ նաեւ ուրիշ հետեւանք մը. 700 անձեր զրկուեցան իրենց տարեդարձէն…
ՄՐՑԱՆԻՇ
7
Ճորտըն Ռոմերօ 15 տարեկան է: Այս ամերիկացի պատանին դարձած է աշխարհի եօթը ամէնէն բարձր գագաթները մագլցող ամէնէն փոքր տարիքով անձը:
Դեկտեմբերի վերջաւորութեան ան մագլցած է Անթարքթիքի ամէնէն բարձր գագաթը` Վինսըն լեռը (4897 մեթր բարձրութիւն): Այս ձեւով, ան կրցած է կտրել 16 տարեկան անգլիացի Ճորճ Աթքինսոնի մրցանիշը:
Ճորտըն կը բացատրէ, որ արկածախնդրութեան հանդէպ իր սէրը սկիզբ առած է, երբ փոքր տարիքին տեսած է իր դպրոցին պատին վրայ գծուած մեծ նկար վրայ: Սակայն հաւանաբար նաեւ` իր ծնողներուն միջոցով, որովհետեւ անոնք երկուքն ալ լեռնագնացներ են, եւ անոնք ընկերակցած են իրենց զաւկին` անոր արշաւներուն ընթացքին:








