ԳԷՈՐԳ ԱԲԷԼԵԱՆԻՆ` ՄԵԿՆՈՒՄԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Ոչ միայն սրտանց պիտի ներէինք քեզի քու գրած նոր գիրքերդ տարեդարձներուդ առիթով դուն քեզի նուիրելու համար, այլեւ սրտանց պիտի ուրախանայինք, պիտի ծափահարէինք ու գինեձօներ կազմակերպէինք: Աւելի՛ն. դեռ իրաւունք չունէիր ինքզինքիդ թոյլ տալու` «Թերեւս ես ալ իմ հերոսներուս կը մօտենամ…» ըսելու, վերջին գիրքիդ` «Մաքարոնի թիլէկ¬թիլէկ»-ին առիթով: Ո՛չ, իրաւունքը չունէիր, ամենեւի՛ն: Գէթ այնքան ատեն որ «Ցկեանս նահատակութիւն»-ներու պատմութիւններդ հարիւրի հասցնելու խոստումդ յարգած չէիր: Ինչո՞ւ խոստումնադրուժ եղար: Քեզմէ անբաժան քու կերտած հերոսներուդ իրապաշտութիւնն էր հաւանաբար, որ քեզի այդպէս ըսել թոյլ կու տար: Հիմա դո՛ւն ըսէ, սուրիական անապատի աւազուտքէն ո՞վ դուրս պիտի բերէ թրքական եաթաղանէն ճողոպրած ազգի մնացորդացին ոդիսականները: Դո՛ւն ըսէ, Համաստեղի գրական գիծին արժանաւոր  հետեւորդ, ո՞վ պիտի շարունակէ «Հելէ՛, հելէ՛, հելէ՛… Քեսապ»-ով  ճամբայ ելած «Աննա հարսը»-էն անցած «Ցկեանս նահատակութիւն» հասած եւ «Մաքարոնի թիլէկ-թիլէկ»-ով կէս դարու ուղի կտրած վաստակաշատ երթդ: Որո՞ւ կտակ կը ձգես  Ձիւնականի` երգիծաբան հրապարակախօսի մտրակդ:

Անկասկած գիտէիր, թէ կեանքը «Նետենք-բռնենք» չէ, անոր համար ալ կեանքդ նուիրեցիր դպրութեան: Շնորհակալ ենք մինչեւ «Արծաթէ թելը չկտրուած» մեզի տուած  հողաբոյր եւ ոճիրի ու անապատի մէջէն վերայառնած հայու մասին վկայաբանական կենսապաշտ բերքիդ համար: Հիմա կ՛ըսեն, թէ արծաթէ թելդ կտրած է: Ի՜նչ փոյթ, երբ կենսագրութիւնդ հունձքիդ  կարմիր թելով կ՛երկարի, ճիշդ քու հերոսներուդ պէս, որոնք կ՛ապրեցնեն, կ՛ապրին ու ապրիլ  կ՛ուզեն:

Յիշատակդ` պայծառ, վաստակդ` դալար, բարի ճանապարհ:

ՇՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES