ԶԳՈՒՇԱՑԷ՛Ք ՁԻՒՆԱԳՆԴԱԿՆԵՐԷՆ
Բարի, գեղեցիկ, առաքինի ընկերը մարդուն…
Կիրակի էր… 4 դեկտեմբեր 2011… «Վանայ Ձայն»-ի եւ յեղափոխական երգերու օրն է կիրակին… Ինչպէս միշտ, «Վանայ Ձայն»-ը քիչ մը աւելի բարձր կը հնչէ մեր տան մէջ: Բայց յաճախ «կ՛անցնին» մահազդներ, որոնք կը նեղացնէին մթնոլորտը եւ, հետեւաբար, կը ցածցնէի ձայնը… Բայց այդ օր` ո՛չ: Ընդհակառա՛կն աւելի մօտեցայ ձայնասփիւռին… նախազգացում մը ունէի… Եւ երանի սխալ ըլլար…
Նեղացուցիչ էր լուրը, բայց` իրա՛ւ: Ոչ եւս է Ճորճ Աբէլեան… Ընկեր Ճորճը, մեր ընկեր Ճորճը:
Ընկեր Ճորճը, որ յոգնիլ չէր գիտեր, ընկեր Ճորճը, որ նահանջ չէր ճանչնար: Սրամիտ ու հեռատես, ազգային ու աւանդապահ… Օրինակելի գործիչ, առաջնորդ ու ղեկավար:
Շատ բան կը պարտի գաղութս Ճորճ Աբէլեանին ու անոր տարիներու ծառայութեան` ի նպաստ ազգիս ու անոր Դատին: Իսկ հիմնական կորուստը` Այնճարին ու Քեսապին… Անոնք կորսնցուցին հսկայ գաղափարական մարդ մը:
Քեսապ ծնած Աբէլեան, Քորքիւնէ գիւղին պարծանքն է… իսկ զարմանալի չէ, որ ան զատած է Այնճարը որպէս իր վերջնական ապրելավայրը, որովհետեւ Այնճարը իսկապէս Հայաստանէն դուրս Հայաստան մըն է, հայրենիքէն դուրս հայրենիք մը: Այնճարը նաեւ դարձաւ ընկեր Ճորճին հարազատ տունն ու միջավայրը, ուր ան շարունակեց ստեղծագործել ու գիրքեր եւ յօդուածներ հրատարակել:
Պէտք է խոստովանիմ, որ ընկեր Ճորճին «Ցկեանս նահատակութիւն»-ը եղաւ հայերէն առաջին գիրքը, որ ծայրէ ծայր անհամբեր կարդացի եւ եղաւ այդ կամուրջը իմ եւ հայերէն գիրքի հանդէպ սիրոյս: Տակաւին վերջերս էր, որ աւարտեցի ընկեր Ճորճին «Մաքարոնի թիլէկ- թիլէկ»-ը: Այդ գիրքը, որ ի՛նք մակագրեց ինծի` «Երիտասարդ մտաւորական Հրակ Աւետանեանի» գրութեամբ: Շնորհակա՛լ եմ, ընկեր Ճորճ, բայց դո՛ւն ես մտաւորականը:
Ի՜նչ մարդ է ընկեր Ճորճը… Ի՜նչ…
Այնճարի իր բնակարանին մէջ նստած` Նորա Բարսեղեանին ու ինծի պատմեց խոստումի մը մասին, որ ան տուած էր: «Մինչեւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, 100 պատմութիւն պիտի գրեմ «Ցկեանս նահատակութիւն» գիրքի շարքին մէջ»: Տակաւին կը յիշեմ ժպիտը, երբ այդ կ՛ըսէր:
Իսկ հիմա ի՞նչ… Ո՞վ պիտի շարունակէ «Ցկեանս նահատակութիւն»-ը: Ո՞վ պիտի անմահացնէ մեր ազգի ամէնէն յատկանշական դէպքերը… Ո՞վ պիտի զգուշացնէ մեզ ձիւնագնդակներէն… Ո՞վ…
Աստուած հոգիդ լուսաւորէ, ընկեր Ճորճ: Այնճարի յաղթական հողը հարազատ է հոգւոյդ… թող թեթեւ գայ նաեւ ոսկորներուդ:
Մնաս բարով, ընկեր Ճորճ` բարի, գեղեցիկ, առաքինի ընկերը մարդուն…
ՀՐԱԿ ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ

