ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԷ ԶԱՀԼԷԻ ՊԱՅԹՈՒՄԸ

Հայկական երեսփոխանական պոլքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Զահլէի ասորի ուղղափառ առաջնորդ Պուլոս Սաֆար եպիսկոպոսին հետ եւ բուռն կերպով դատապարտեց կիրակի առաւօտ Զահլէի մէջ ասորի ուղղափառ համայնքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ պայթումը:

Երեսփոխան Բագրատունի զօրակցութիւն յայտնեց Սաֆար եպիսկոպոսին եւ կատարուած ոճիրը նկատեց Լիբանանի ինքնուրոյն դիմագիծին եւ ազգային համակեցութեան դէմ ուղղուած արարք, որ կը ծառայէ բացառապէս Լիբանանի թշնամիներուն:

Այս իմաստով ան անհրաժեշտ նկատեց եւ պահանջեց, որ ապահովական կառոյցները արագ կերպով հրապարակ հանեն այս ոճրային արարքը ծրագրող եւ գործադրող տարրերը:

 

Share this Article
CATEGORIES