7 ԷՍԹՈՆԻԱՑԻ ԶԲՕՍԱՇՐՋԻԿՆԵՐՈՒՆ ԱՌԵՒԱՆԳՄԱՆ ԼՈՅՍԻՆ ՏԱԿ . ԷՍԹՈՆԻՈՅ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԸ ԺԱՄԱՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆ

Նախագահ Սլէյման եւ Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարարը

Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուրմաս Փայթ երէկ երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն, ինչպէս նաեւ պետական եւ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ` քննարկելու համար Պեքաայի մէջ անյայտ կորսուած 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն եւ անոնց ճակատագիրին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութեան կողմէ անոնց փնտռտուքին մանրամասնութիւնները:

Փայթ ուղղուեցաւ Պաապտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Փայթ նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի գործակցութիւնը` բացայայտելու համար 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն ճակատագիրը:

Փայթ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Զիատ Պարուտի հետ:

Հանդիպումէն ետք ան շեշտեց, թէ իրենք ապահով եւ հանգիստ կը զգան 7 էսթոնիացի քաղաքայինները ազատ արձակելու առումով լիբանանեան պետութեան ձեռնարկած որոնումի աշխատանքին գծով:

Փայթ կոչ ուղղեց եւրոպական երկիրներուն եւ շրջանի երկիրներուն օժանդակելու, որպէսզի կարելի ըլլայ բացայայտել առեւանգուած էսթոնիացիներուն ճակատագիրը:

Ան մաղթեց, որ անոնք ամէնէն մօտիկ ապագային տուն վերադառնան:

Էսթոնիոյ արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ իրենք եւս ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` գիտնալու համար այդ առեւանգումին դրդապատճառները:

Փայթ այցելեց նաեւ Այն Թինէ, ուր ընդունուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ` ներկայութեամբ` երեսփոխան Ալի Պեզզիի եւ նախկին նախարար Թալալ Սահիլիի:

Հանդիպումէն ետք արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ իրենք հանգիստ կը զգան, որովհետեւ Լիբանան կը հետապնդէ էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն հարցը եւ այդ առումով հետաքննութիւն բացած է ու կը շարունակէ փնտռել մեր քաղաքացիները:

Վերտանի մէջ վարչապետ Միքաթի ընդունեց Փայթը, որ ընդգծեց, թէ ըստ վարչապետ Միքաթիի, Լիբանան լրջօրէն կը հետապնդէ էսթոնիացի զբօսաշրջիկները գտնելու եւ զանոնք ազատ արձակելու աշխատանքն ու ջանքերը, ինչպէս նաեւ կարեւոր կը նկատէ բացայայտել զանոնք առեւանգողներուն ինքնութիւնը:

Յայտնենք, որ Փայթ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ուիլիըմ Հապիպի հետ: Հապիպ մաղթեց, որ լիբանանեան ապահովական մարմինները կարենան գտնել 7 էսթոնիացի զբօսաշրջիկները եւ զանոնք ողջ առողջ վերադարձնեն իրենց երկիրը:

Փայթ այցելեց նաեւ Եարզէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES