50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 30 ՄԱՐՏ 1961 )

«ՔՈՐՐԱՏՕ»Ի ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Պուրճ Համուտի Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը շաբաթ, 18 եւ կիրակի 19 մարտ 1961, երեկոյեան ժամը 9:00-ին Ժողովրդային տան «Թատերասրահ»ին մէջ ներկայացուց Տարիօ Ճիաքոմեթթիի «Քորրատօ» 4 արար ողբերգութիւնը: Շաբաթ յետմիջօրէին ալ ուսանողներու համար ներկայացուեցաւ նոյն թատերախաղը: Երեք անգամին ալ` խուռներամ հանդիսականներու ներկայութեամբ:

Պուրճ Համուտի Ժողովրդային տան «Թատերասրահ»ը իր վիճակով չի կրնար թատերասրահ համարուիլ, նկատի ունենալով, որ բեմը իր ներկայ վիճակով թատրոնի արդիական պահանջներուն գոհացում տալու ի վիճակի չէ:

Բարեբախտաբար «Քորրատօ» տեսարաններու շատ փոփոխութիւն պահանջող թատերախաղ մը չըլլալուն` միջնարարները երկար չտեւեցին, որովհետեւ բեմի ներկայ վիճակին մէջ դժուար է տեսարանները շուտով փոխել:

«Քորրատօ»ի բեմադրութեան մասին արտայայտուելէ առաջ անհրաժեշտ է նշել կարեւորութեամբ հետեւեալը.

«Քորրատօ»ն թատերախաղ մըն է, որ արհեստավարժ դերասաններու խաղացանկին մաս կազմած է: «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը մեծ յանդգնութեամբ իրագործեց սոյն ողբերգութեան բեմադրութիւնը` իր ուժերուն ներած չափով: Սոյն դժուարամատչելի գործին բեմադրութեամբ «Լեւոն Շանթ» թատերախումբը ցոյց կու տայ իր կամքը` դասուելու քաղաքիս առաջնակարգ խումբերու կարգին: Եթէ նկատի չունենանք, թէ նորակազմ խումբ մըն է «Լեւոն Շանթ»ը, կարելի է դժուարահաճ ըլլալ: Որովհետեւ սոյն դժուարին թատերախաղին բեմադրութեամբ գոհացուցիչ արդիւնքի մը կրցաւ հասնիլ խումբը:

«Քորրատօ»ին նիւթը մեր ժողովրդի սրտին խօսող նիւթ մըն է, այդ պատճառով հրապուրիչ է ան թատերասէրներուն, նկատի ունենալով, որ ստուար թիւով հանդիսականներ պիտի ուզեն ներկայ գտնուիլ անոր ներկայացման:

Թաթուլ Այնեճեան Քորրատոյի դերով իրմէ ակնկալուածէն աւելի կրցաւ տալ: Թաթուլ գիտէ յուզուիլ բեմին վրայ եւ վարակիչ այդ յուզումը փոխանցել հանդիսականներուն: Քորրատոն նաեւ դիւրաբորբոք խառնուածքի տէր է, մանաւանդ այն պահերուն, երբ նախանձը կ՛այրէ իր հոգին ու Ալլոնզոյի անուան յիշատակութիւնը թունդ կը հանէ իր ջիղերը: Այդ պահերուն Քորրատոն պէտք է պոռթկայ վաղանցուկ կատաղութեան նոպայով մը: Նման պարագաներու, Թաթուլի զուսպ խաղարկութիւնը պատճառ եղաւ, որ բաւականին յաջող խաղարկութիւնը գրեթէ միօրինակ ընթացք մը ունենայ:

Յակոբ Նոխուտեան վանական մոնսինիոր Ճանինոյի խիստ պատասխանատու դերը ստանձնած էր: Ամէն դեր ամէն դերակատարի չի յարմարիր: Յակոբ իր կարելին ըրաւ յարմարելու իր մարմնաւորած տիպարին, սական չկրցաւ հասնիլ այն յաջողութեան, որ ունեցած է տարբեր առիթներով ուրիշ դերերու մէջ:

Վեհանոյշ Աստուրեան, համեմատաբար նորավարժ մը բեմին վրայ, խաղցաւ Ռոզալիայի պատասխանատու դերը իր փորձառութեան ներած չափով: Յառաջիկային փորձառութիւնն ու համարձակութիւնը աւելնալով իր բնածին կարողութեանց վրայ` աւելի յաջող արդիւնքներու կրնայ հասնիլ վստահաբար:

Սիրուն Մամբրէլեան Էմմայի դերով կրցաւ դրսեւորել բարեկիրթ, պարզամիտ եւ հեզ աղջկան մը տիպարը: Հայերէնի հնչիւններու անհարազատութիւն մը զգալի է իր մօտ: Լեզուական թերութիւններ զգալի էին նաեւ մասամբ Ռոզալիայի, մոնսինիոր Ճիանինոյի եւ Քայթանոյի մօտ. վերջինս, իբրեւ տիպար, իր դերին մէջ լաւ էր: Աւագ Խաչատուրեան բժիշկի ծառայ Ակատայի դերը յաջողութեամբ կատարեց:

Սուրէն Մինասեան իր կերպարանքով ու կեցուածքով բժիշկ Արրիքօ Փալմիէրիի տիպարը յաջողապէս մարմնաւորեց: Սակայն իր ձայնը, փոխանակ բարի մարդու ձայնի յատուկ քնքշութեան, չոր էր ու նոյնիսկ երբեմն դաժան:

Յարութիւն Գաբրիէլեան Տոն Ֆեռնանտոյի դերին մէջ բաւական յաջող էր: Կատարեալ կ՛ըլլար յաջողութիւնը, եթէ լաւապէս ըմբռնած ըլլար իր մարմնաւորած տիպարին էութիւնը: Տոն Ֆեռնանտօ անգիտակցաբար գործիք կը ծառայէ մոնսինիոր Ճիանինոյի` միամտօրէն հաղորդելով Ռոզալիայի եւ Քորրատոյի իրեն վստահած տեղեկութիւնները: Հետեւաբար երբեմն խորամանկ մարդու արտայայտութիւններ առնելը անյարմար է:

Գնահատելի է Կայծակ Գնդունիի կատարած դիմայարդարումը:

Գնահատելի է ձայներու եւ նուագի պատասխանատու Անդրանկ Մարտիրոսեանի ձեռնհասօրէն կատարած աշխատանքը. յուզիչ պահերուն ընկերակցող նուագի, անձրեւի, կայծակի, զանգահարութեան ձայներու տեղին կատարմամբ մեծապէս սատարեց բեմադրութեան:

Լոյսի խաղերը տեղին էին: Գառնիկ Գազանճեանի Փալմիէրիի բնակարանը ներկայացնող պաստառը հիանալի էր: Նկատի ունենալով խումբին նիւթական վտիտ միջոցները կահաւորման եւ տարազներու թերութիւններու պարագային, խստապահանջ կարելի չէ ըլլալ: Սակայն Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» անունը կրող թատերախումբէն իրաւացիօրէն պէտք է պահանջել, որ հայոց լեզուն անթերի մատուցուի հասարակութեան: Թատերախումբին տրամադրութեան տակ գտնուող Քորրատոյի արեւմտահայերէն թարգմանութեան լեզուն ճապաղ է, հարկ էր զայն սրբագրել բեմադրելէ առաջ: Դերուսոյցին պարտականութիւնն է հսկել դերակատարներու հայերէն հնչիւններուն եւ շեշտերուն հարազատութեան: Թատրոնին աւագ պարտականութիւնն է մատուցանել հասարակութեան անթերի հայոց լեզուի ճաշակը:

Կ. ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES