ԼՕԽ-Ի ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐՈՒՆ ԾԻՐԻՆ ՄԷՋ ՏՈՔԹ. ՍԵՐԺ ՏՈՒԼԵԱՆ ԽՕՍԵՑԱՒ ՀՈՐՄՈՆԱՅԻՆ ԽԱՆԳԱՐՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ
Յաջորդաբար երկրորդ անգամն ըլլալով` Ռապիէի, Ծաղկաձորի, Անթիլիասի եւ մերձակայքի հայաբնակ շրջաններու ԼՕԽ-ականները առիթը ունեցան միասնաբար լսելու առողջապահական բնոյթի յատուկ դասախօսութիւն մը: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին ու գործակցաբար ԼՕԽ-ի «Նայիրի», «Գայեանէ» եւ «Արցախ» մասնաճիւղերուն, դասախօսութիւն մը ներկայացուեցաւ երէկ` ուրբաթ, 20 յունուարի յետմիջօրէին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի նորակառոյց սրահին մէջ, Ծաղկաձոր, Մզհեր:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբի ատենապետ Յասմիկ Մկրեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, կրկին շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն ձեռնարկի հովանաւոր մեկենասներ` ԱՖՀԻԼ-ին, փուռ Իշխանեանին, «Թրէյտ փլաս»-ին եւ ԼՕԽ-ի մէկ բարեկամին: Սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելէ ետք օրուան դասախօս տոքթ. Սերժ Տուլեանը, Մկրեան յիշեցուց, թէ անոնք, որոնք յաջորդաբար երեք անգամ ներկայ կը գտնուին սոյն դասախօսութեանց, կրնան ձրի արեան քննութեան ենթարկուիլ:
Շաքարախտի եւ գեղձերու մասնագէտ տոքթ. Սերժ Տուլեան, աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ խօսեցաւ հորմոնային խանգարումներու ազդեցութեան մասին, յատկապէս` արական թէ իգական սեռային առողջութեան վրայ: Սլայտներու օգնութեամբ բացատրելէ ետք մարդկային մարմնի սեռային համակարգի աշխատելակերպը, տոքթ. Տուլեան ծանօթացուց սեռայնօրէն գրգռիչ «թեսթոսթերոն» եւ «էսթրոժեն» հորմոններն ու զսպիչ «փրոլաքթին» հորմոնները: Ապա դասախօսը ներկայացուց «թեսթոսթերոն» հորմոնի դերակատարութիւնը սեռային կեանքին մէջ` թուելով խանգարումներու տարբեր պատճառները: Ապա ան խօսեցաւ «էսթրոժեն» եւ «փրոլաքթին» հորմոններու գործունէութեան մասին, յատկապէս` սեռային առումով, դարձեալ նշելով անոնց խանգարումներու տարբեր պատճառները: Թուելով ախտաճանաչման տարբեր քննութիւնները` տոքթ. Տուլեան առաջնահերթ նկատեց ախտանշաններու գոյութիւնն ու քննութիւններուն կարեւորութիւնը` զատորոշելու համար զանազան հիւանդութիւնները:
Իր դասախօսութեան վերջին մասով, տոքթ. Տուլեան թուեց նախազգուշական կարգ մը միջոցառումներ` սեռային խանգարումները կանխարգիլելու նախանձախնդրութեամբ:
Աւարտին, ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որմէ ետք ԼՕԽ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի ատենապետ Վերա Պէօյիւքեան փակուած յայտարարեց ձեռնարկը` շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն եւ տոքթ. Սերժ Տուլեանին` յիշեցնելով միաժամանակ, որ այս դասախօսական ձեռնարկներու շարքին երրորդը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ ուրբաթ, նոյն ժամուն եւ նոյն վայրին մէջ:

