ԳԷՈՐԳ (ՃՈՐՃ) ԱԲԷԼԵԱՆԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ ԵՒ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԳԻՆԵՁՕՆ

Գիրքերու գինեձօնէն պահ մը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 20 յունուարի երեկոյեան ժամը 7:30¬ին, Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ գրող, մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեանի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ եւ անոր վերջին գիրքերու գինեձօն:

Բացման խօսքը արտասանեց Յակոբ Այնթապլեան, որ դիտել տուաւ, թէ ձեռնարկը կազմակերպուած է ի պատիւ շուրջ 40 օր առաջ մահացած Գէորգ Աբէլեանի անձին, գործին եւ ազգային¬մշակութային կեանքին մէջ ունեցած ներդրումին:

Առաջին հանգրուանով ցուցադրուեցաւ Գէորգ Աբէլեանի դստեր` Վանիկ Աբէլեանի կողմէ պատրաստուած փաուըր փոյնթ ներկայացում մը, որուն ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնուեցան Գ. Աբէլեանի մանկութիւնը, պատանեկութիւնը, երիտասարդութիւնը, տարբեր մարզերու մէջ տարած աշխատանքները եւ գիրքերու շնորհահանդէսները:

Եսայի Հաւաթեան

Ապա խօսք առաւ Եսայի Հաւաթեան, որ լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ Գ. Աբէլեան այն անձնաւորութիւններէն է, որուն հետ ընկերութիւն հաստատելու համար տարիքային տարբերութիւնները ոչ մէկ իմաստ ունին, որովհետեւ ան երիտասարդ է հոգիով ու էութեամբ: Ապա ան անդրադարձաւ Գէորգ Աբէլեանի  նկարագրային տարբեր կողմերուն, յատկապէս ծանրանալով անոր իւրայատկութիւններուն վրայ: Ե. Հաւաթեան խօսեցաւ Գ. Աբէլեան հայրենասէրին մասին, որուն համար Հայաստանն ու հայութիւնը ամէն բանէ վեր են: «Հայրենասիրութիւնն է պատճառը, որ ան ապրեցաւ Դաշնակցութեան ընտանիքին մէջ` իր ամբողջ կեանքին ընթացքին ստանձնելով տեսակաւոր պարտականութիւններ: Հայրենասիրութիւնն է պատճառը, որ մօտէն հետեւեցաւ հայութեան առօրեային, ուրախացաւ հայութեան յաղթանակներով եւ տխրեցաւ հայութեան կորուստներով», ըսաւ Հաւաթեան: Ապա ան անդրադարձաւ Աբէլեանի եկեղեցասիրութեան` նշելով, որ ան եկեղեցւոյ իսկական ծառայ է, պարտականութենէ երբեք չխուսափող, մասնակից էր մշակութային ծառայութեան, որ բաւական լայնածիր էր Գ. Աբէլեանի համար, որովհետեւ ան ուսուցիչ էր, տնօրէն, թերթի աշխատակից, մտաւորական, գրող, Հայ դատի զինուոր: Հաւաթեանի համաձայն, Աբէլեան համազգայինի մեծ ընտանիքին մէջ ծառայեց աւելի քան 40 տարի` շօշափելի, միշտ շինիչ ու արդիւնաւէտ ծրագիրներ իրականացնելով: Բանախօսը խօսեցաւ հայ ընտանիք կազմած իսկական հայ հօր մասին, որ հայկական շունչ ու ոգի կը փոխանցէր, որ կրցաւ իր անձնական աշխատանքով արժանապատիւ կեանք կերտել եւ գործ ունենալ: Ան նաեւ գործած է Ազգային բուժարանին մէջ, ամէն տեսակ կարելիութիւններով ծառայած է այդ հաստատութեան:

Իր խօսքը աւարտելով` Ե. Հաւաթեան շեշտեց, որ իբրեւ մարդ ամէն տեսակի իւրայատկութիւններով օժտուած անձ էր Գ. Աբէլեան, որ գիտցաւ իր կեանքը իմաստաւորել, ժամանակ գտնել ամէն ինչի եւ ծառայել հայութեան:

Նորա Բարսեղեան

«Ազդակ»¬ի մէջ Գ. Աբէլեանի ունեցած դերակատարութեան եւ անոր հրատարակած գիրքերուն մասին խօսեցաւ Նորա Բարսեղեան, որ հաստատեց, որ Գ. Աբէլեան իսկապէս գրիչի մարդ էր, նուիրեալ մը, որուն համար հանգիստ գոյութիւն չունէր, որ կը տագնապէր հայութիւնը յուզող հարցերով, կը հաւաքէր եւ ընթերցողին սեփականութիւնը կը դարձնէր Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն պատմութիւնները, շաբաթական դրութեամբ «Ազդակ»¬ին յօդուածներ կ՛առաքէր եւ միշտ նորանոր ծրագիրներ կը մշակէր: Ձիւնական գրչանունով անոր յօդուածներուն անդրադառնալով` Ն. Բարսեղեան նշեց. «Չէր հանդուրժեր սխալն ու յատկապէս հայկական արժէքներու անտեսման կամ պղծման որեւէ արարք, իր գրիչով կը հալածէր նման երեւոյթներ: Բայց պէտք է յստակացնել, որ ան քննադատելու սիրոյն չէր գրեր, հարուածելու համար չէր մատնանշեր, այլ կը տառապէր, կը տագնապէր եւ այդ բոլորը երգիծական ոճով կը ներկայացնէր`  նաեւ պատգամներ ու սլաքներ յղելով տարբեր ուղղութիւններով, անուղղակի կոչ ուղղելով` արթուն եւ սթափ ըլլալու, որովհետեւ հայկական արժէքներէ եւ ինքնութենէ որեւէ զիջում, հայկական աւանդութիւններէ հեռացում, ապագային մեծ հետեւանքներ կրնան ունենալ»: Յիշելով ցարդ հրատարակուած գիրքերը` ան դիտել տուաւ, որ յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող գրականութեան հարուստ ժառանգութիւն ձգած է Գ. Աբէլեան, որ իր գործերով կրցած է գոհացնել թէ՛ պատանին, թէ՛ ծերունին, թէ՛ չափահասը եւ թէ՛ երիտասարդը. այս մէկը թերեւս նաեւ դրսեւորումն է իբրեւ մարդ իր նկարագրային մէկ արժանիքին` մտածել բոլորին մասին, զգալ բոլորին հետ եւ փորձել թափանցել բոլորին սրտերուն մէջ: «Անձնական նախաձեռնութեամբ Գ. Աբէլեան գնաց Տէր Զօրի անապատներ, պրպտեց ու գտաւ իսլամացած հայերու փաղանգ մը. ան այսքանով չգոհացաւ, ո՛չ ալ անոնց մասին գրելով բաւարարուեցաւ, այլ անոնց հետ մնայուն կապ հաստատելու կողքին տարբեր մակարդակներու վրայ հետապնդեց անոնց դատը` յաճախ հարց տալով, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ հայերուն ճակատագիրը»:

Իր խօսքը եզրափակելով` Ն. Բարսեղեան նշեց. «Լաւատեսութեամբ ապրող եւ լաւատեսութիւն սփռող ընկեր Ճորճին բաժանումը անհաւատալի կը թուի, սակայն ան այնպիսի անձնաւորութիւն էր, որ իր յիշատակով իսկ նեցուկ է եւ պատգամ, ժառանգութիւն է եւ կոչ` շարունակելու Հայ դատի պայքարը, պահպանելու հայկական արժէքները, սերունդները դաստիարակելու հայկական շունչով եւ ոգիով: Իր կերտած կեանքով, դիզած վաստակով, բերրի գրականութեամբ, մարդկային սկզբունքներով եւ նկարագրային վեհ գիծերով արժանի է ամենայն յարգանքի եւ երախտագիտութեան»:

Աւարտին տեղի ունեցաւ Գէորգ (Ճորճ) Աբէլեանի «Պէյրութ», «Նետենք, բռնենք», «Աղբարիկ, ափիկ մը ջուր»¬ի արաբերէն թարգմանութեան,  «Մաքարոնի թիլէկ¬թիլէկ» եւ «Քոյրիկս մի՛ ծախեր, մա՜մ» գիրքերուն գինեձօնը:

 

Share this Article
CATEGORIES