Ի՞ՆՉ ԿԸ ԳՐԵՆ ԹՐՔԱԿԱՆ ՕՐԱԹԵՐԹԵՐԸ
Թրքական օրաթերթերը անդրադարձած են Թուրքիոյ մէջ հարիւր նոր օրէնքներու, Ֆրանսայի ծերակոյտի իրաւական յանձնախումբին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին վերաբերեալ որոշումին, 1980-ի պետական յեղաշրջման վերաբերեալ դատական հարցի մը եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհիի Թուրքիա այցելութեան:
Թրքական բոլոր օրաթերթերն ալ անդրադարձած են հարիւր նոր օրէնքներուն: Նշեալ օրինագիծը անհատներու արգելափակումը կը դժուարացնէ, «մոլոթով քոքթել»-ը զէնք կը նկատէ, ներում կը շնորհէ լրատու աղբիւրներու անդամներուն կողմէ գործուած կարգ մը ոճիրներուն եւ թրքական արդարադատութեան գործունէութեան արագացումը կը հետապնդէ:
Օրաթերթերը նաեւ կ՛անդրադառնան Ֆրանսայի ծերակոյտի իրաւական հարցերով յանձնախումբին որոշումին` նշելով, որ յանձնախումբը 23 յունուարին ծերակոյտին կողմէ քննարկուելիք Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծը «Ֆրանսայի սահմանադրութեան հակասող եւ ազատութիւններու դէմ» կը նկատէ:
Օրաթերթերը կը հաղորդեն նաեւ, որ Անգարայի մէկ դատարանը չորեքշաբթի օր յայտնած է, որ 12 սեպտեմբեր 1980-ի յեղաշրջումին հարցով թրքական բանակի սպայակոյտի նախկին պետ, Թուրքիոյ 7-րդ նախագահ Քենան Էվրենի եւ թրքական օդուժի նախկին հրամանատար Թահսին Շահիքայայի դատավարութիւնը պիտի սկսի 4 ապրիլին: Դատարանը Էվրենի եւ Շահինքայայի ճամբորդութեան դէմ արգելք հաստատած է:
Ինչ կը վերաբերի Սալեհիի Թուրքիա այցելութեան, «Թիւրքիյէ» կը գրէ, որ Եւրոպական Միութեան եւ Իրանի միջեւ վերջինիս հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութիւնները Պոլսոյ մէջ տեղի պիտի ունենան` աւելցնելով, որ Սալեհի յայտնած է, որ «Թուրքիա եւ Իրան եղբայրական երկիրներ են»:
Թրքական օրաթերթերը անցեալ չորեքշաբթի օրուան իրենց թիւերուն մէջ անդրադարձած էին նաեւ Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով Պոլսոյ դատարանի վճիռին: «Միլլիյէթ» օրաթերթը, քննադատելով Պոլսոյ մէկ դատարանին կողմէ Հրանդ Տինքի սպանութիւնը քրէական արարք չնկատելու որոշումը, իր լրատուութիւնը խորագրած է. «Հրանդ իր ինկած տեղը ձգուեցաւ»: Դատարանի վճիռը Տինքը անգամ մը եւս սպաննեց: Դատաւորները քրէական ցանցի մը հետ որեւէ կապ չգտան: Օրաթերթը կը գրէ, որ բոլոր կասկածելիները «ահաբեկչական կազմակերպութեան մը անդամ ըլլալէ» անպարտ նկատուեցան: «Ռատիքալ» օրաթերթը իր կարգին այս հարցին վերաբերեալ լրատուութիւնը խորագրեց «Տինքի հարցով ապշեցուցիչ վճիռ մը»` յայտնելով, որ դատարանը անհատ մը ցկեանս բանտարկութեան դատապարտեց Տինքի սպանութեան ձեռնարկելու համար, սակայն կասկածելիները քրէական կազմակերպուած ցանցի մը հրամանով շարժելու համար չդատապարտեց:

