ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԻՇԽՈՂ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄԵՐՍԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻԻՆ ԱՌՋԵՒ ՌՈՒՄԲ ՄԸ ՊԱՅԹԵՑԱՒ
Թրքական ապահովական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան Մերսինի կեդրոնատեղիին առջեւ պայթած է ռումբ մը, որ նիւթական մեծ վնասներ պատճառած է, սակայն զոհեր կամ վիրաւորներ չէ խլած, որովհետեւ դէպքին ատեն կեդրոնատեղիի պաշտօնեաները ներկայ չէին:
Թրքական ապահովութեան ուժերը անմիջապէս փութացած են դէպքին վայրը եւ հետաքննութիւն կը կատարեն անձի մը շուրջ, որ կը կարծուի, թէ ռումբը նետելէ ետք փախուստ տուած է:
CATEGORIES Միջազգային

