ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ ՆԱԽԱԳԱՀ ԿԻՒԼԻ ՆՍՏԱՇՐՋԱՆԸ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵՑ ՄԻՆՉԵՒ 2014
Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուց Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի նստաշրջանը մինչեւ 2014 երկարաձգելու օրինագիծը, այսպիսով վերջ դնելով անոր նստաշրջանին շուրջ ծագած շփոթին:
2007-ին Կիւլի նախագահ ընտրուելէն ետք Թուրքիոյ մէջ կատարուած էին սահմանադրական փոփոխութիւններ, ըստ որոնց` երեսփոխաններուն նստաշրջանը հինգէն նուազած էր չորսի, իսկ նախագահինը` եօթնէն հինգի, դարձեալ վերընտրուելու իրաւունքով:
Սահմանադրական փոփոխութիւններուն իբրեւ արդիւնք Թուրքիոյ մէջ ծայր առած էր բանավէճ` Կիւլի հինգ թէ եօթը տարուան նախագահութեան շուրջ:
Խորհրդարանի նիստին ներկայ գտնուած 255 երեսփոխաններէն 234-ը թեր, 21-ը դէմ քուէարկեցին բանաձեւին, այսպիսով երկարաձգելով Կիւլի նստաշրջանը մինչեւ 2014, բայց եւ այնպէս անոր չտալով իրաւունք` վերընտրուելու:
Նշենք, որ բանաձեւին պայմանները պիտի կիրարկուին միմիայն ներկայ նախագահին պարագային, որմէ ետք պիտի գործադրուի սահմանադրական օրէնքը: Կիւլ պիտի ըլլայ Թուրքիոյ վերջին նախագահը, որ եօթը տարուան համար կ՛ընտրուի Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ:
Յաջորդ նախագահական ընտրութիւններուն, Թուրքիոյ նախագահը պիտի ընտրուի ժողովուրդին եւ ոչ թէ խորհրդարանին կողմէ: Մինչ Թուրքիոյ նախկին նախագահներ` Ահմեթ Նեճտեթ Սեզեր, Սիւլէյման Տեմիրել եւ Քենան Էվրեն պիտի չստանան իրենց թեկնածութիւնը վերստին առաջադրելու իրաւունքը:

