ՄԱՐՈՔ. 5 ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐ ԻՐԵՆՔ ԶԻՐԵՆՔ ՀՐԿԻԶԵՑԻՆ
«Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ բողոքելով երկրին մէջ տիրող անգործութեան ծանր կացութեան դէմ, 5 քաղաքացիներ իրենք զիրենք հրկիզած են Մարոքի մայրաքաղաք Ռապաթի մէջ:
Լրատու գործակալութեան համաձայն, 5 երիտասարդները կը պատկանին «Վկայեալներ»-ու միութեան, որ վերջերս երկրի ամբողջ տարածքին կը կազմակերպէ բողոքի ցոյցեր` պահանջելով գործի կարելիութիւններ եւ ապրուստի պայմաններու բարելաւում:
Միւս կողմէ, Մարոքի մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութեան անդամ Եուսեֆ Ռայսունի յայտարարեց, որ շուրջ 160 ցուցարարներ բողոքի ցոյցեր կը կատարեն բարձրագոյն ուսման նախարարութեան շէնքին մէջ` պահանջելով կառավարութենէն վկայեալ քաղաքացիներուն գործի կարելիութիւններ ստեղծել: Մինչ ապահովական ուժերը կ՛արգիլեն ուտեստեղէնի մուտքը նախարարութեան շէնք:
CATEGORIES Միջազգային

