ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՓՈՒԹԻՆ – ՔԻՍԻՆՃԸՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Քիսինճըր եւ Փութին

Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին երէկ Մոսկուայի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Հենրի Քիսինճըրը, որուն հետ քննարկեց միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Հանդիպումէն ետք Քիսինճըր յոյս յայտնեց, որ ամերիկեան-ռուսական յարաբերութիւնները բարելաւուին:

Քիսինճըր ընդգծեց, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները աշխարհի կարեւորագոյն յարաբերութիւններէն են:

«Կը մաղթենք, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները յառաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն ընթացքին աւելի եւս ամրապնդուին», ըսաւ ամերիկացի դիւանագէտը:

Նշենք, որ Փութինի եւ Քիսինճըրի միջեւ տեղի ունեցած այս հանդիպումը ակներեւ է նաեւ անոր համար, որ ան տեղի ունեցած է Ռուսիոյ նախագահական ընտրութիւններէն միայն վեց շաբաթ առաջ:

 

Share this Article
CATEGORIES