ՊՈԼԻՍ. ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ` ՌՈՒՍԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԱՌՋԵՒ
Սուրիական ընդդիմութեան մաս կազմող խումբ մը քաղաքացիներ երէկ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Պոլսոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանատան առջեւ:
Ցուցարարները բողոքեցին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակազմին զօրակցող Մոսկուայի կեցուածքներու դէմ:
Սուրիացի ցուցարարները բողոքեցին նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի նիստերուն ընթացքին Ռուսիոյ կողմէ օգտագործուող վեթոյի իրաւունքին դէմ եւ շեշտեցին, որ միջազգային ընտանիքը իրաւունք ունի սուրիական վարչակազմին դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու:
Ռուսական դեսպանատան դիմաց բողոքող սուրիացի ընդդիմադիրները Մոսկուան ամբաստանեցին իրենց զաւակներուն սպանդին մեղսակցելու յանցանքով, ինչպէս նաեւ Արաբական Լիկայի գործուղած դէտերը մեղադրեցին սուրիական վարչակարգին յաւելեալ սպանութիւններ գործելու առիթ շնորհելու յանցանքով:
CATEGORIES Միջազգային

