ԱՈՒՏԷ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԸԹՐԻՆ ԵՒ ՊՈՒԹՐՈՍԸ
Յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը երէկ ընդունեց նախկին նախարարներ Թարեք Մըթրին եւ Ֆուատ Պութրոսը, որոնց հետ քննարկեց տեղական իրադարձութիւնները:
Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Պութրոս յայտնեց, որ իրենք քննարկած են յոյն ուղղափառ համայնքին եւ քրիստոնեաներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն` Պութրոս նշեց, որ Յոյն ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծը չեն քննարկած` աւելցնելով, որ անիկա կատարելու համար իրենք երկար ժամանակի կարիք ունին:
Միւս կողմէ, Պութրոս նշեց, որ շրջանին մէջ քրիստոնեայ համայնքին հարցը միշտ ալ կը քննարկուի, մանաւանդ նկատի ունենալով, որ այս հանգրուանին կան քրիստոնեայ հեղինակութիւններ, որոնք մտահոգութիւն կը յայտնեն այդ իմաստով:
«Մենք մեր կարգին մտավախութիւններ ունինք եւ կը փափաքինք յանգիլ շօշափելի փաստերու, որոնց հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ ընդգծել, թէ քրիստոնեաներուն գոյութիւնը երաշխաւորուած է», ըսաւ ան:


