«ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԶԱՅՐՈՅԹՈՎ ԸՆԿԱԼԱԾ Է ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒԻ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՑՈՒՑԱԲԵՐՈՒԱԾ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆԸ» ՇԵՇՏԵՑ Փ. ՄԱՆՃԵԱՆ

Պետական նախարար Փանոս Մանճեան «Նաշրա» կայքէջին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ լիբանանահայութիւնը զայրոյթով ընկալած է Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի նկատմամբ ցուցաբերուած սրտբաց ընդունելութիւնը:

Փ. Մանճեան յայտնեց, որ ինք ո՛չ իբրեւ նախարար եւ ո՛չ ալ իբրեւ լիբանանահայ կրնայ ընդունիլ Տաւութօղլուի նկատմամբ լիբանանցի ղեկավարներուն ցուցաբերած այդ հիւրընկալութիւնը:

Փ. Մանճեան շեշտեց, որ Թուրքիա կը փորձէ արաբները համոզել, թէ ան իրենց բարեկամն է, մինչդեռ Թուրքիոյ պատմութիւնը կը վկայէ, թէ կացութիւնը հակառակն է եւ ծանօթ է բոլորին, «սակայն ցաւ ի սիրտ բոլոր անոնք, որոնք ընդունեցին թուրք պատասխանատուն, մոռցան Թուրքիոյ պատմութիւնը եւ անոր հետ վարուեցան իբրեւ երկխօսութեան ռահվիրայ երկիր մը, որ կը պատրաստուի նոյնիսկ Պոլսոյ մէջ կազմակերպելու իսլամ-քրիստոնեայ խորհրդաժողով մը», ըսաւ ան:

Մանճեան կոչ ուղղեց արաբ ղեկավարներուն` արաբական աշխարհին մէջ ազդեցութիւն ունենալու առիթ չընծայելու Թուրքիոյ: «Պէտք է մնայուն կերպով զգուշանալ Թուրքիայէն, որուն երազն է այն, ինչ որ էր Օսմանեան կայսրութեան երազը», շեշտեց Փ. Մանճեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES