ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒՖԹԻՆ ՔԸՐԹՊԱՈՒԻԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Միւֆթի Քապպանի եւ նախարար Քըրթպաուի

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին մէջ տիրող ապահովական կայունութիւնը:

Միւֆթի Քապպանի յոյս յայտնեց, որ Լիբանանի անվտանգութիւնը կարելի ըլլայ պահել` առանց զայն խախտելու: Ան աւելցուց, որ կան որոշ մտահոգութիւններ, զորս կարելի է լուծել յաւելեալ գիտակցութեամբ եւ զգաստութեամբ:

Հանրապետութեան միւֆթին ընդգծեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է դատական իշխանութիւններուն պարագային պաշտօններու թափուր մնալու երեւոյթին վերջ տալ` ամբողջացնելով պետական նշանակումները եւ դիւրացնելով լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն աշխատանքը:

 

Share this Article
CATEGORIES