ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ ՆԵՏԻՄ ԺԵՄԱՅԷԼԸ
Երէկ` ուրբաթ, 20 յունուար 2012-ին, վեհարանի իր գրասենեակին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլը, ընկերակցութեամբ` իր երկու խորհրդականներուն: Երեսփոխանը վեհափառին պարզեց ընդհանրապէս Լիբանանի եւ յատկապէս Պէյրութի շրջանին առնչուած կարգ մը մտահոգութիւններ: Խօսակցութեան գլխաւոր նիւթը դարձաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը եւ այդ ծիրին մէջ քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
Վեհափառը նաեւ ընդունեց ասորի համայնքի ներկայացուցիչ Հապիպ Աֆրամը: Հանդիպման գլխաւոր նիւթն էր Թուրքիոյ դերակատարութիւնը շրջանին մէջ եւ մասնաւորաբար` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին այցելութիւնը Լիբանան:
Իր երկու այցելուներուն վեհափառը փոխանցեց իր մտահոգութիւնը շրջանին մէջ Թուրքիոյ թափանցումին ու մանաւանդ քրիստոնեայ համայնքներու պաշտպանի դերը ստանձնելու Թուրքիոյ փորձերուն նկատմամբ: Վեհափառը ըսաւ, թէ պէտք է ըլլալ արթուն եւ խանդավառութիւն ու ընդառաջում չցուցաբերել Թուրքիոյ նախաձեռնութիւններուն նկատմամբ, որովետեւ այդ բոլորին ետին Թուրքիան կը հետապնդէ այնպիսի նպատակներ, որոնք վնասաբեր են թէ՛ արաբական աշխարհին եւ թէ՛ մանաւանդ քրիստոնեայ համայնքներուն:

